
Երեւան Չի Յստակացներ, Որ Արդեօք Արցախի Վերաբերեալ Դրոյթ Կա՞յ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի 6-րդ Տարբերակին Մէջ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չյստակացուց, որ արդեօք Հայաստան-ազրպէյճան խաղաղութեան 6-րդ տարբերակին մէջ կա՞յ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ որեւէ դրոյթ: Անիկա պաշտօնական պաքուին փոխանցուեցաւ 21 Նոյեմբերին։
պաքուի առաջարկները հայկական կողմը ստացած էր նախքան Արցախի վրայ ազրպէյճանի յարձակումը:
Պատասխանելով «Ազատութեան» ուղղած գրաւոր հարցումին, որ արդեօք վերջին խմբագրութեան մէջ կա՞յ Արցախի հայերուն իրաւունքներուն եւ ապահովութեան վերաբերող դրոյթ՝ արտաքին գործող նախարարութիւնը պատասխանեց՝ ըսելով. «Հայաստանի համար առաջնային է Հայաստանի եւ ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը, երկու երկրների միջեւ սահմանի սահմանազատման ուղղութեամբ աշխատելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը` հիմնուելով Խորհրդային Միութեան գլխաւոր շտաբի ամենաթարմ քարտէզների վրայ, տարածաշրջանային կապուղիների ապաշրջափակումը` հիմնուած ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքների վրայ»։
«Ազատութիւն»-ը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի հայաթափումէն ընդամէնը երկու ամիս առաջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը յայտարարէր, թէ ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ Երեւանի կարմիր գիծերէն է նաեւ Արցախի հայութեան իրաւունքներու եւ ապահովութեան հարցը: «Այժմ ո՞րն է հարցի վերաբերեալ պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը: Արտաքին գործերի նախարարութիւնից յղում են անում Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործերի նախարարի եւ միւս պաշտօնեաների հրապարակային ելոյթներին: Այդ ելոյթներում Փաշինեանն ու թիմակիցները Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքներին եւ անվտանգութեանն առնչուող որեւէ դիրքորոշում չեն յայտնում»,- նշեց «Ազատութիւն»-ը:
Նախորդ շաբաթ՝ արձագանգլով Արցախի ապագային վերաբերեալ ընդդիմութեան հարցումին` Փաշինեան յայտարարեց, թէ իր հարցը Հայաստանի Հանրապետութեան ապագան է: