Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ 120-ամեակի Փառաշուք Տօնակատարութիւնը (Նկարներ)

Սփիւռք

Սր­բա­զան հայ­րը այ­ցե­լեց ­Քա­լա­մա­րիա­յի մետ­րո­պո­լի­տին

­Հինգ­շաբ­թի, 23 ­Նո­յեմ­բեր 2023-ին ժա­մը 11:00-ին թե­միս բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեա­նը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւին եւ ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տին ըն­հե­րակ­ցու­թեամբ այ­ցե­լեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Քա­լա­մա­րիա շրջա­նի մետ­րո­պո­լի­տին։
­Մետ­րո­պո­լի­տը ող­ջու­նեց Սր­բա­զան հօր ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ իւ­րա­քան­չիւր այ­ցե­լու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէ, կը յի­շէ եւ կ­՚այ­ցե­լէ զինք։
­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին եր­կու հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը զրու­ցե­ցին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քին եւ ե­կե­ղե­ցա­կան հար­ցե­րու վե­րա­բե­րող նիւ­թե­րու մա­սին։ Զ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին մետ­րո­պո­լի­տը յայտ­նեց, որ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քին հետ շատ ջերմ եւ եղ­բայ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նի։
Ա­ւար­տին, Սր­բա­զան հայ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան եւ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ տօ­նա­կան օ­րե­րը կը մօ­տե­նան, հայ­կա­կան խմիչք­ներ եւ ա­նուշ­ներ նո­ւի­րեց մետ­րո­պո­լի­տին։

Ա­ղօրհ­նէք եւ ա­ւան­դա­կան սի­րոյ ճաշ

Ուր­բաթ, 24 ­Նո­յեմ­բեր 2023-ին, ժա­մը 13:00-ի,ն ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ հայր սուր­բը կա­տա­րեց ա­ղօրհ­նէք, որ­պէս­զի ­Տիկ­նանց մարմ­նի ան­դա­մու­հի­նե­րը սկսին մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թեան։
­Նոյն օ­րը, ժա­մը 15:00-ին, մա­տա­ղօրհ­նէ­քին ա­ռի­թով ­Տիկ­նանց մարմ­նի ան­դա­մու­հի­նե­րը տա­րի­ներ շա­րու­նակ սո­վո­րու­թիւն դար­ձու­ցած սի­րոյ սե­ղա­նը սար­քե­ցին։
­Ճա­շին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան թե­միս բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեան, որ նաեւ օրհ­նեց սե­ղա­նը, թե­միս Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ ­Գերպ. Տ. ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նը, ե­կե­ղեց­ւոյս հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի եւ դպրաց դա­սի ան­դամ­նե­րը։
­Ճա­շին ըն­թաց­քին, հոգշ. հայր սուր­բը բո­լո­րին ա­նու­նով բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան հօր եւ զինք հրա­ւի­րեց, որ­պէս­զի սրտի խօս­քը փո­խան­ցէ ներ­կա­մե­րուն։ Ան իր խօս­քին մէջ նախ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ սոյն ճա­շին եւ ա­պա բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց ­Տիկ­նանց մար­մի­նի ան­դա­մու­հի­նե­րը ու ա­նոնց մաղ­թեց ուժ եւ կա­րո­ղու­թիւն։ Սր­բա­զան հայ­րը իր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց նաեւ ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դին, որ միշտ նե­ցուկ կը կանգնի ­Տիկ­նանց մար­մի­նի ծրա­գիր­նե­րուն։ Իր խօս­քի ա­ւար­տին, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ի­րենց սար­քած սի­րոյ սե­ղա­նին հա­մար։

Այ­ցե­լու­թիւն «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» վար­ժա­րան

­Շա­բաթ, 25 ­Նո­յեմ­բեր 2023-ին ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00-ին, Սր­բա­զան հայ­րը հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան« շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի 5-րդ­ եւ 6-րդ ­դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ։ ­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Սր­բա­զան հայ­րը խօ­սե­ցաւ մա­տա­ղի մա­սին: Ա­պա ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ այ­ցե­լե­ցին մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թեան վայ­րը, ուր ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ւե­լի մօ­տէն հե­տե­ւե­ցան ա­նոր պատ­րաս­տու­թեան։
Սր­բա­զան հայ­րը հան­դի­պում ու­նե­ցաւ նաեւ ու­սուց­չաց կազ­մին հետ։ ­Հան­դի­պու­մին՝ ու­սու­ցիչ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց տա­րո­ւայ ծրա­գի­րը։ Ա­ւար­տին, Սր­բա­զան հայ­րը բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց տնօ­րէ­նու­հիին եւ ու­սուց­չաց կազ­մին՝ ի­րենց կա­մա­ւոր ծա­ռա­յու­թեան հա­մար։

Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ 120-ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ճաշ­կե­րոյթ

­Շա­բաթ, 25 ­Նո­յեմ­բեր 2023-ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 08:30-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնո­ւող «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս, ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դը կազ­մա­կեր­պած էր ճաշ­կե­րոյթ մը՝ ե­կե­ղեց­ւոյ 120-ա­մեա­կին ա­ռի­թով։
­Ներ­կայ էին թե­միս բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեա­նը, Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ հայր սուր­բը, շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. պա­տո­ւար­ժան հիւ­պա­տո­սը, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ Հ.Հ պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տո­սը, թե­սա­ղո­նի­կա­հայ միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ բա­րե­կամ­ներ։
­Ճաշ­կե­րոյ­թը սկիզբ ա­ռաւ Սր­բա­զան հօր ա­ղօթ­քով, որ­մէ ետք բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, որ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բո­լո­րին եւ ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց Սրբա­զան հօր ներ­կա­յու­թեան հա­մար։ Իր խօս­քէն ետք, հայր սուր­բը հրա­ւի­րեց ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դին ա­տե­նա­պե­տը, որ­պէս­զի իր սիր­տի խօս­քը փո­խան­ցէ ներ­կա­նե­րուն։ ­Յե­տոյ, հայր սուր­բը ըն­թեր­ցեց ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դին միա­մեայ տե­ղե­կա­գի­րը։
­Ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին, տե­ղի ու­նե­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­կան յայ­տա­գիր, որ կ­՚ընդգր­կէր հայ­կա­կան պա­րեր, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բի հինգ ան­դա­մու­հի­նե­րու կա­տա­րո­ղու­թեամբ, նո­ւագ՝ ա­րա­կան սե­ռի ան­դամ­նե­րու կա­տա­րո­ղու­թեամբ։
Ա­ւար­տին, հայր սուր­բը Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան հայ­րը հրա­ւի­րեց, որ­պէս­զի իր հայ­րա­կան խօս­քը ուղ­ղէ ներ­կա­նե­րուն։
Սր­բա­զան հայ­րը իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ ե­կե­ղեց­ւոյ միու­թիւն­նե­րը աշ­խուժ եւ գոր­ծօն պա­հե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին։ Իսկ ե­կե­ղեց­ւոյ 120-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դին ա­ռա­ջար­կով, ան պար­գե­ւատ­րեց ­Տիկ­նանց մար­մի­նի ա­տե­նա­պե­տու­հի՝ ­Տիկ. ­Վեր­գին Ա­ւե­տի­սեա­նը, որ տա­րի­ներ շա­րու­նակ նո­ւի­րու­մով ծա­ռա­յած է եւ կը շա­րո­ւա­նա­կէ ծա­ռա­յել մեր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Սր­բա­զան հայ­րը նաեւ պար­գե­ւատ­րեց պրն. ­Սե­պուհ ­Սա­հաթ­ճեա­նը, որ եր­կար տա­րի­ներ ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դին ա­ջակ­ցած է եւ բո­լոր ի­րա­ւա­բա­նա­կան հար­ցե­րով զբա­ղած։
Այս ա­ռի­թով, Սր­բա­զան հայ­րը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին յա­տուկ ար­տօ­նու­թեամբ, հոգշ. հայր սուր­բին լան­ջա­խաչ կրե­լու ի­րա­ւուն­քը տո­ւաւ, միայն ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն ներս պե­տա­կան եւ ե­կե­ղե­ցա­կան պաշ­տօ­նա­կան ա­ռիթ­նե­րուն կրե­լու հա­մար զայն։

Ե­պիս­կո­պո­սա­կան Ս. ­Պա­տա­րագ եւ մա­տա­ղօրհ­նէք

­Կի­րա­կի, 26 ­Նո­յեմ­բեր 2023-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:30-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ե­պիս­կո­պո­սա­կան Ս. ­Պա­տա­րագ եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղօրհ­նէք։
Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց եւ մա­տա­ղօրհ­նէ­քին նա­խա­գա­հեց թե­միս բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեա­նը։ Ա­նոր սպա­սար­կե­ցին ­Թե­միս Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ ­Գերպ. ­Հայր սուր­բը եւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը։ ­Խո­րա­նի սպա­սար­կու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին ե­կե­ղեց­ւոյս սար­կա­ւագ­նե­րը, իսկ եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը՝ ­Գո­մո­թի­նիի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Արժ. Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի։
Ե­կե­ղեց­ւոյ 120-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը քա­րո­զի պա­հուն անդ­րա­դար­ձաւ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին եւ յայտ­նեց, թէ անց­նող 120 տա­րի­նե­րուն, այս ե­կե­ղեց­ւոյ ճամ­բէն բազ­մա­թիւ սե­րունդ­ներ ան­ցած են, ո­րոնց նո­ւի­րու­մին եւ ծա­ռա­յու­թեանց շնոր­հիւ, այս ե­կե­ղե­ցին կան­գուն մնա­ցած է, գոր­ծած եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ գոր­ծել, ծա­ռա­յու­թեան ջա­հը փո­խան­ցե­լով նոր սե­րուն­դին։
Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղօրհ­նէք եւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն՝ ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի նախ­կին Ա­ռաջ­նորդ, հո­գե­լոյս Տ. ­Սա­հակ Ս. արք. Այ­վա­զեա­նի եւ ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր բա­րե­րար­նե­րուն եւ սպա­սա­ւոր­նե­րուն հո­գի­նե­րուն հա­մար։
Ս. ­Պա­տա­րա­գէն ետք, ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի փոք­րիկ­նե­րու «­Կի­լի­կիա» պա­րա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց ե­րեք հայ­կա­կան պա­րեր, որ­մէ ետք, «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հին մէջ, ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ճաշ՝ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան հօր նա­խա­գա­հու­թեամբ եւ միու­թեանց ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն ներ­կա­յու­թեամբ։

ԹՂԹԱԿԻՑ

«ԱԶԱՏ ՕՐ»-ի