­Խաչ­քա­րի Բա­ցում ­Գո­մո­թի­նիի Մէջ ­Խորհր­դա­նիշ Հայ եւ Յոյն Դա­րա­ւոր Բա­րե­կա­մու­թեան (նկարեր)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

­Շա­բաթ, 21 եւ ­Կի­րա­կի, 22 ­Հոկ­տեմ­բեր 2023-ը մաս­նա­յա­տուկ օ­րեր ե­ղան ­Գո­մո­թի­նիի հայ հա­մայ­քին հա­մար։ Այդ շա­բա­թա­վեր­ջին, Թ­րա­կիոյ հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը սե­ւե­ռած էր հայ-յոյն բա­րե­կա­մու­թիւ­նը խորհր­դան­շող խաչ­քա­րի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան՝ Ս. Գ­րի­գոր ­Լուս­ա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­բա­կին մէջ, ո­րուն ներ­կայ ե­ղան պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան, կրօ­նա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան բարձր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ խորհր­դան­շե­լով եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ան­քակ­տե­լի բա­րե­կա­մու­թեան եւ բազ­մա­դա­րեայ գո­յակ­ցու­թեան խոր­հուր­դը։ ­Խաչ­քա­րը նաեւ նո­ւի­րո­ւած էր ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ պե­տա­կան պաշ­տօ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման 30-ա­մեա­կին։ Ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հու­թիւ­նը ստանձ­նած էր ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, իսկ հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը՝ Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի մէջ դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան։
­Խաչ­քա­րի զե­տեղ­ման ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նա­ցաւ շնոր­հիւ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Յով­հան­նէս ծ.վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նի եւ ­Գո­մո­թի­նիի ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին, ­Հա­յաս­տա­նէն ա­պա­հո­վե­լով իւ­րա­տիպ խաչ­քար մը, ո­րուն վրայ տեղ գտած են հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ա­րո­ւես­տի զար­դեր, ի­րար կա­պե­լով եր­կու քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու յատ­կան­շա­կան ձե­ւե­րը։ ­Խաչ­քա­րի ազ­նիւ բա­րե­րու­թիւ­նը ստանձ­նած էր Hyeland ըն­կե­րու­թիւ­նը, ­Մար­տի­րոս եւ ­Թա­մար ­Պո­զիա­քա­լեան­նե­րու նուի­րա­տո­ւու­թեամբ։ ­Շա­բաթ, 21 ­Հոկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, մեծ թի­ւով յոյն եւ հայ բազ­մու­թիւն մը ներ­կայ ե­ղաւ ե­կե­ղե­ցի՝ յար­գե­լու հա­մար բա­ցա­ռիկ ե­րե­կո­յի ի­մաս­տը։ ­Պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու կար­գին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր կող­քին, ներ­կայ էր Կր­թու­թեան եւ կրօ­նից ընդհ. քար­տու­ղար Եոր­ղոս ­Քա­լա­ծիս, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Հ.Հ. դես­պա­նա­տան հիւ­պա­տոս Ար­թուր Օ­հա­նեան, Թ­րա­կիոյ հա­մալ­սա­րա­նի ընդհ. տնօ­րէ­նը, ­Գո­մո­թի­նիի եւ ­Մա­րո­նիա­յի մետ­րո­պո­լի­տի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը (նշենք, որ մետ­րո­պո­լի­տը չկա­րո­ղա­ցաւ ներ­կայ գտնո­ւիլ՝ նոյն պա­հուն մաս­նակ­ցե­լով յոյն ե­պիս­կո­պա­սա­կան օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան), Թ­րա­կիոյ մահ­մե­տա­կան հա­մայն­քի միւֆ­թին, ե­րես­փո­խան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, քա­ղա­քա­պե­տի, զի­նուո­րա­կան հրա­մա­նա­տա­րու­թեան եւ քա­ղա­քի միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։
­Պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­գի­րը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ո­րուն հան­դի­սա­վարն էր տիկ. ­Վարդ ­Պաս­մա­ճեան։ Ան հրա­ւի­րեց ­Յով­հան­նէս ծ. Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նը կա­տա­րե­լու բաց­ման խօս­քը։ ­Հայր սուր­բը անդրա­դար­ձաւ խաչ­քա­րի զե­տեղ­ման գա­ղա­փա­րին, ա­պա բա­ցատ­րեց ա­նոր վրայ տեղ գտած զար­դան­շան­նե­րու ի­մաս­տը։ Ան շեշ­տեց, թէ եր­կու ազ­գե­րու կա­պե­րը յե­նո­ւած են եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մա­կան նոյն եր­թին վրայ, որ կը խորհրդան­շէ բազ­մա­դա­րեայ ան­կեղծ բա­րե­կա­մու­թիւն մը։ ­Ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ կրթու­թեան եւ կրօ­նից ընդհ. քար­տու­ղա­րի ու­ղեր­ձը, ուր ան շեշ­տեց, թէ ա­ռա­ջին խաչ­քարն է, ո­րուն վրայ տեղ կը գտնեն հայ-յու­նա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան նմուշ­ներ։ Ան նաեւ դրո­ւա­տեց ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ապ­րող հայ հա­մայն­քը, իր կազ­մա­կեր­պո­ւած տես­քով եւ կա­ռոյց­նե­րով։
Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի հո­գե­ւոր պետ Իէ­րո­նի­մոս Ար­քե­պիս­կո­պո­սի ու­ղեր­ձը կար­դաց ­Գո­մո­թի­նի ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր տե­սու­չը։ Ար­քե­պիս­կո­պո­սը իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց կա­տա­րո­ւած ե­լոյ­թին հա­մար, ընդգ­ծեց հայ եւ յոյն ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան կա­պե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, եւ յա­տուկ նշում կա­տա­րեց յու­նա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յու­թեան ու կա­տա­րած ներդ­րու­մին յու­նա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։
­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան պ. ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նի ա­նու­նով հան­դէս ե­կաւ դես­պա­նու­թեան հիւ­պա­տո­սը։ ­Դես­պա­նը իր ու­ղեր­ձին մէջ ընդգ­ծեց նաեւ այն փաս­տը, որ խաչ­քա­րի բա­ցու­մը տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ հա­մայն հա­յու­թեան հա­մար խորհր­դան­շա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, երբ հայ ժո­ղո­վուր­դը կանգ­նած է անվ­տան­գա­յին լրջա­գոյն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու առ­ջեւ։ «­Դա­րեր շա­րու­նակ հա­յե­րը եւ ­Հա­յաս­տա­նը ձգտել են խա­ղա­ղու­թեան՝ որ­պէս ի­րենց հայ­րե­նի­քում ապ­րե­լու ու ա­րա­րե­լու գե­րա­գոյն նպա­տակ, ու այ­սօր այս խաչ­քա­րը խորհր­դան­շում է յա­նուն խա­ղա­ղու­թեան՝ հա­յե­րի մշտա­կան պայ­քա­րը, մեր ազ­գի տո­կու­նու­թիւ­նը եւ ­խի­զա­խու­թիւ­նը. սա պատ­մու­թիւն է, ո­րը մենք այ­սօր կեր­տում ենք ձեզ հետ միա­սին այս­տեղ՝ յստակ ար­ձա­նագ­րե­լով ­Հա­յաս­տան պե­տու­թեան ան­սա­սան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ շա­րու­նա­կե­լու իր ներդ­րու­մը յա­նուն խա­ղա­ղու­թեան թէ՛ մեր տա­րա­ծաշր­ջա­նում եւ թէ՛ դրա­նից ան­դի»։
­Խօսք ա­ռաւ շրջա­նի ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պ. Ս­տե­փան ­Մատ­թէո­սեան, որ բա­ցատ­րեց ե­կե­ղե­ցին ու հա­մայն­քը խաչ­քա­րով մը օժ­տե­լու ի­մաս­տը։ Ան եւս յա­տուկ անդ­րա­դարձ ը­րաւ հայ եւ յոյն դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թեան, ընդգ­ծե­լով բազ­մա­մեայ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ­Գո­մո­թի­նիի մէջ, ո­րուն մէջ նե­րառ­նո­ւած են կրօ­նա­կան, հա­մայն­քա­յին, հա­սա­րա­րա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան կա­պե­րը։
Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Մա­րի ­Գա­լայ­ճեան, որ ան եւս ընդգծեց եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հաս­տա­րա­կաց եր­թին ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն փոր­ձա­դաշ­տը։ ­Նաեւ, խօսք ա­ռաւ ­Գո­մո­թի­նիի քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ տիկ. Ք­լէո­փաթ­րա Ս­թո­յա­նի­տու։ Շր­ջա­նի ե­րես­փո­խան եւ նախ­կին նա­խա­րար Եւ­րի­փի­տիս Ս­թի­լիա­նի­տի­սի ու­ղեր­ձը ներ­կա­յա­ցուց իր օգ­նա­կա­նը։
­Խօսք տրո­ւե­ցաւ նաեւ խաչ­քա­րի բա­րե­րար՝ Heland ըն­կե­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պ. ­Քա­րուշ ­Ղա­զէ­լեա­նին, որ գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց կա­տա­րո­ւած նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մար եւ դրո­ւա­տեց շրջա­նի հա­յու­թիւնն ու պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րը։
Ե­րե­կո­յի ըն­թաց­քին, մէ­ջընդ­մէջ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր մը, մաս­նակ­ցու­թեամբ ­Գո­մո­թի­նիի «­Նա­յի­րեան մե­ղե­դի» երգ­չա­խում­բին, խմբա­վա­րու­թեամբ ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի, որ լաւ պատ­րաս­տո­ւած ու խնա­մո­ւած ձե­ւով ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան շա­րա­կան­նե­րու շա­րան մը, խոր տպա­ւո­րու­թիւն թող­նե­լով ներ­կա­նե­րուն վրայ։
­Նաեւ հա­յազ­գի յայտ­նի ջու­թա­կա­հա­րու­հի Ա­կե­լի­քի ­Լա­լա­պե­քո­վա ջու­թա­կի վրայ ներ­կա­յա­ցուց ­Կո­մի­տա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու շարք մը, իսկ տպա­ւո­րիչ բա­ժին­նե­րէն ե­ղաւ «­Կի­լի­կիա» մաղ­թեր­գը, որ յու­զում յա­ռա­ջա­ցուց բո­լո­րին վրայ։
­Պաշ­տօ­նա­կան ե­լոյ­թի եզ­րա­փա­կիչ խօս­քը կա­տա­րեց ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, որ մաս­նա­ւո­րա­պէս նշեց. «­Խաչ­քա­րը հայ ե­կե­ղեց­ւոյ մշա­կոյ­թին մէջ շատ հին ար­մատ­ներ ու­նի։ ­Խաչ­քա­րը հայ­կա­կան բնաշ­խար­հի յա­տուկ հան­քա­յին տուֆ քա­րի վրայ փո­րագ­րո­ւած խա­չի նշա­նի փո­րագ­րումն է։ ­Նա­խաք­րիս­տո­նէա­կան հայ հա­ւա­տա­լիք­նե­րուն մէջ գո­յու­թիւն ու­նէր այն հա­ւա­տա­լի­քը, թէ Աս­տո­ւած ժայ­ռե­րու մէջ կը բնա­կի, խորհր­դան­շե­լով Աս­տու­ծոյ զօ­րու­թիւ­նը։ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նօ­րէն քրիս­տո­նէա­ցա­ման ժա­մա­նա­կէն աս­դին, նոյն այդ հա­ւա­տա­լի­քը մնաց, սա­կայն տար­բեր ձե­ւով։ Խա­չը, իբ­րեւ քրիս­տո­սի փրկա­գոր­ծա­կան խոր­հուր­դը, Աս­տու­ծոյ զօ­րու­թեան յա­ւեր­ժու­թեան ի­մաս­տով փո­րագ­րո­ւե­ցաւ քա­րի վրայ։
­Խաչ­քա­րի ա­րո­ւես­տը, որ իր փո­րագրու­թեան նրբա­գոյն ձե­ւին վե­րա­ծո­ւած է, հայ քրիս­տո­նէա­կան մշա­կոյ­թի ինք­նա­տիպ զար­գաց­ման ար­դիւնք է։ Ե­կե­ղե­ցա­կան թէ հո­գե­ւոր նպա­տակ­նե­րուն կար­գին, ­Խաչ­քա­րը գոր­ծա­ծո­ւած է նաեւ այլ նպա­տակ­նե­րով։ ­Խաչ­քար կանգ­նե­ցո­ւած է պատ­մա­կան կա­րե­ւոր դէպ­քե­րու առ­թիւ, եր­կիր­նե­րու սահ­մա­նա­գի­ծե­րու վրայ իբ­րեւ պաշտ­պա­նու­թիւն, կանգ­նե­ցուած է պատ­մա­կան դէպ­քեր ար­ձա­նագ­րե­լու։ ­Խաչ­քար կանգ­նե­ցո­ւած է նաեւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան իբ­րեւ ար­տա­յա­տու­թիւն։ Ա­նոնց­մէ եր­կու օ­րի­նակ­ներ կան Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հրա­պա­րակ­նե­րու վրայ՝ ղր­կո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան կող­մէ, 1988-ի ­Հա­յաս­տա­նի ա­ղի­տա­լի երկ­րա­շար­ժին առ­թիւ ­Յու­նաս­տա­նի պե­տու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դին ցու­ցա­բե­րած օ­ժան­դա­կու­թեանց հա­մար։
­Բազ­մա­դա­րեան պատ­մա­կան ըն­թացք ու­նի հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ, իր մութ ու լոյս, ու­րախ եւ տխուր պա­հե­րով։ Այդ ըն­թաց­քը ա­նըդ­մէջ շա­րու­նա­կո­ւած է։ Այս բո­լո­րէն մաս մը ար­ձա­նագ­րուած են պատ­մա­կան գիր­քե­րու, պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րու, ժո­ղովր­դա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ, այս ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին մէջ գտնո­ւող հա­յե­րու շիր­մա­քա­րե­րու վրայ, ո­րոնք սա­կայն տե­սա­նե­լի չեն հան­րու­թեան։
Այ­սօր այս գե­ղե­ցիկ եւ իւ­րա­յա­տուկ խաչ­քա­րի կանգ­նե­ցու­մը պատ­մա­կան ի­րա­կա­նու­թեան տե­սա­նե­լի վկա­յու­թիւն մըն է։ Անց­նող դա­րա­ւոր գո­յակ­ցու­թեան մա­սին յու­շող, բայց նաեւ վերջ 200 տա­րո­ւան գո­յակ­ցու­թեան մա­սին վկա­յող ար­ձան մը, որ ան­խօս քար ըլ­լա­լով հան­դերձ, պեր­ճա­խօս վկա­յու­թիւն է հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու եղ­բայ­րա­կան գո­յակ­ցու­թեան։
­Պատ­մա­կա­նօ­րէն, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­զա­րա­ւոր խաչ­քար­ներ ե­ղած են։ ­Վեր­ջին ե­րես­նա­մեա­կին, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մէն ետք, հայ­կա­կան սփիւռ­քի տա­րած­քին ե­ղող եր­կիր­նե­րու մէջ նաեւ բազ­մա­թիւ խաչ­քա­րեր կա­նգե­ցո­ւե­ցան։ Բո­լորն ալ հայ­կա­կան մօ­թիֆ­նե­րով ե­ղած են։ ­Սա­կայն ­Գո­մո­թի­նիի մէջ կանգ­նե­ցո­ւած այս խաչ­քա­րը իւ­րա­յա­տուկ է։ Ան ու­նի նաեւ յու­նա­կան ա­րո­ւես­տի մօ­թիֆ, ա­ռա­ջին խաչ­քարն է, որ նաեւ ու­րիշ մշա­կոյ­թի զարթ ու­նի իր վրան։ Այս ալ խորհր­դան­շա­կան մեծ ի­մաստ ու­նի։ Այս խաչ­քա­րը, որ տե­սա­նե­լի վկա­յու­թիւն մը պի­տի ըլ­լայ յոյն եւ հայ ճա­կա­տագ­րա­կից ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րա­ւոր եւ եղ­բայ­րա­կան պատ­մու­թեան, նաեւ ա­ղօթք, օրհ­նու­թիւն եւ մաղ­թանք է, մեր եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րօ­րու­թեան հա­մար, յի­շե­ցում եւ թե­լադ­րանք է ներ­կայ եւ գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն նոյն հա­րա­զա­տու­թեամբ եւ զօ­րակ­ցու­թեամբ շա­րու­նա­կե­լու պատ­մու­թիւ­նը»։
Սր­բա­զան հայ­րը իր շնոր­հա­ւո­րութիւն­նե­րը յայտ­նեց Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նոր­դին եւ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին, ո­րոնք մտայ­ղա­ցան եւ ի­րա­գոր­ծե­ցին խաչ­քա­րի զե­տեղ­ման գա­ղա­փա­րը։ Գ­նա­հա­տանք ար­տա­յայ­տեց խաչ­քա­րի նո­ւի­րա­տու պ. ­Մար­տիկ ­Պո­զիա­քա­լեա­նին, որ ըն­դա­ռա­ջեց կո­չին եւ յանձն ա­ռաւ խաչ­քա­րի ծախ­սե­րու ամ­բող­ջա­կան ծրա­րը, ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօս­քեր ուղ­ղեց ­Յու­նաս­տա­նի հո­գե­ւոր պե­տին եւ կրթու­թեան ու կրօ­նից ընդհ. քար­տու­ղա­րին։
­Պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­գի­րի ա­ւար­տին, ժո­ղո­վուր­դը եւ հիւ­րե­րը յա­ռա­ջա­ցան դէ­պի ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կը եւ տեղ ա­ռին խաչ­քա­րին շուրջ։
­Տեղ­ւոյն վրայ՝ Սր­բա­զան հայ­րը, հիւ­պա­տո­սը, բա­րե­րա­րի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տը քա­շե­ցին յու­շար­ձա­նի շղար­ղը եւ բո­լո­րին առ­ջեւ ներ­կա­յա­ցաւ տպա­ւո­րիչ խաչ­քա­րը իր հայ­կա­կան ու յու­նա­կան զար­դաշ­նան­նե­րով։ ­Պա­հը յու­զիչ էր, բայց միա­ժա­մա­նակ ու­րա­խա­լի, ո­րով­հե­տեւ կանգ­նած յու­շար­ձա­նը իր տես­քով ու պա­րու­նա­կու­թեամբ կը խորհր­դանշէ հա­յու ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը։ ­Բո­լոր հիւ­րե­րը եւ ներ­կա­նե­րը խան­դա­վառ ո­գիով շնոր­հա­ւո­րե­ցին կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը եւ ի­րենց գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին լաւ խնա­մո­ւած ե­լոյ­թին հա­մար։ ­Կի­րա­կի, 22 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, ­Գո­մո­թի­նիի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րագ, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը։ ­Պա­տա­րա­գիչն էր ­Յով­հան­նէս ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան, իսկ ե­ր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ բազ­մա­ձայն՝ դպրաց դա­սուն կող­մէ, ղե­կա­վա­րու­թեամբ ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի։
Սր­բա­զան հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ օր մը ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած խաչ­քա­րի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան, ընդգ­ծե­լով ա­նոր ի­մաս­տը եւ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը շրջա­նէն ներս։ Ա­պա ան­գամ մը եւս գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­լով կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն, յա­տուկ շեշտ դրաւ միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի կա­րե­ւո­րու­թեան, որ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն կը ջամ­բէ նոր սե­րուն­դին, պա­հե­լով հայ լե­զուն ու գի­րը, մշա­կոյ­թը եւ ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծը։ Ան խա­ղա­ղու­թիւն մաղ­թեց ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հին եւ ամ­բողջ մարդ­կու­թեան։

ԹՂԹԱԿԻՑ

«ԱԶԱՏ ՕՐ»-ի