Կարմիր Խաչը Այցելած է պաքուի Մէջ Կալանաւորուած Արցախցի Պաշտօնեաներուն

Աշխարհ, Հայաստան

ԿԽՄԿ-ի աշխատակիցները այցելած են ազրպէյճանի մէջ կալանաւորուած հայ գործիչներուն. ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ այս մասին յայտնած են ԿԽՄԿ գրասենեակէն:

Կը նշուի, որ անոնց հետ տեղի ունեցած են անհատական ​​հանդիպումներ, ապահովուած են պայմաններ՝ ստեղծուած անոնց ընտանիքներուն հետ կապ հաստատելու համար։

Նշենք, որ ազրպէյճանը կալանաւորած է Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, ԱԺ նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, զօրավարներ Լիովա Մնացականեանը, Դաւիթ Մանուկեանը, նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանը եւ ԱԳ նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը։