ազրպէյճանը Պէտք է Պատասխանատուութեան Ենթարկուի եւ ալիեւի Վարչաձեւին Դէմ Պէտք է Պատժամիջոցներ Սահմանուին․ Եւրոպատգամաւոր

Աշխարհ, Հայաստան

Եւրոխորհրդարանի «Իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանի յարձակումէն ետք եւ Հայաստանի հասցէին շարունակուող սպառնալիքները» թեմայով քննարկման ժամանակ ֆրանսացի պատգամաւոր Նաթալի Լուազոն դատապարտած է ամիսներ շարունակ Եւրոպայի «բացակայութիւնը», երբ Արցախի մէջ հայերը շրջափակուած էին, սովի մատնուած եւ, ի վերջոյ, ենթարկուեցան ազրպէյճանի յարձակման:

«Ի հարկէ, այն երկիրը, որ պատասխանատու է ցեղական զտման համար, ազրպէյճանն է, ան պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի, եւ ալիեւի վարչաձեւին դէմ պատժամիջոցներ պէտք է սահմանուին: Եւրոպական միջնորդութիւնը եւս ձախողուած է, քանի որ անիկա մնացած է չէզոք»,- նշած է Լուազոն, յիշեցուցած՝ եթէ անարդարութեան ժամանակ չէզոքութիւն կը պահպանես, կը նշանակէ՝ անցած են յարձակողին կողմը։

Լուազոն նաեւ յիշեցուցած է, որ Եւրոխորհրդարանը բազմիցս նշած է Արցախին սպառնացող վտանգներուն մասին, սակայն ոչ մէկ գործնական քայլ ձեռնարկուած է անոնք կանխելու համար:

Եւրոպատգամաւորը նաեւ զգուշացուցած է ազրպէյճանի եւ թուրքիոյ կողմէ Հայաստանին սպառնացող վտանգներուն մասին:

«Մենք պէտք է պաշտպանենք մեր պատիւը եւ Հայաստանը»,- եզրափակած է Լուազոն: