
Այն, Ինչ Տեղի Կ՝ունենայ Արցախի Մէջ, Իրական Ողբերգութիւն է․ Թաթոյեան
Այն, ինչ տեղի կ՝ունենայ Արցախի մէջ, իրական ողբերգութիւն է։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին մէջ գրած է Արման Թաթոյեան։
«Տասնեակ հազար խաղաղ բնակիչներ բռնի տեղահանուած են իրենց տուներէն, բնակավայրերէն շուրջ 9 ամիս շրջափակման եւ սովամահութեան պարտադրուած ըլլալով:
Մարդիկ մոլորուած վիճակի մէջ են, չեն կրնար գտնել իրենց երեխաները, ծնողները, հարազատները, չեն գիտեր ողջ են, թէ՞ անոնց սպաննած են ազրպէյճանական զինուորականները: Քաղաքներու եւ գիւղերու միջեւ կապերը կտրուած են, ճանապարհները չեն գործեր:
Արցախի բնակչութիւնը, ըլլալով հիւծուած, զրկուած ողջ ունեցուածքէն, տուներէն, չունենալով կապ, ելեկտրականութիւն, կազ, ստիպուած է գիշերել փողոցներու եւ նկուղներու մէջ կրակոցներու տակ:
ազրպէյճանական զինուած ծառայողները կը սպաննեն ու կը վիրաւորեն նաեւ կիներ, երեխաներ եւ տարեցներ: Այսօր վաղ առաւօտէն Ստեփանակերտի մէջ չեն դադրած կրակոցները:
Այս ամէնը 9 ամիս շրջափակումէ ետք այլ կերպ, քան 120,000 հայերու ցեղասպանութիւն, հնարաւոր չէ նկարագրել: Ասիկա ազրպէյճանական իշխանութեան մտադրուած քաղաքականութիւնն է, յանցաւոր արարքներու միասնական շղթան»,- գրած է Թաթոյեան։