
ազրպէյճանը Թոյլ Չի Տար Արցախեան Կողմին Իրենց Վերահսկողութեան Տակէն Դուրս Հանել Մեր Բազմաթիւ Զինուորներու եւ Խաղաղ Բնակիչներու Դիերը․ Արտակ Բեգլարեան
Զինադադարէն ետք՝ 32 ժամ, ազրպէյճանը թոյլ չի տար արցախեան կողմին իրենց վերահսկողութեան տակէն դուրս հանել մեր բազմաթիւ զինուորներու եւ խաղաղ բնակիչներու դիերը։ Այս մասին X-ի իր էջին վրայ գրած է ԱՀ նախկին ՄԻՊ Արտակ Բեգլարեան։
«Ի հարկէ, շատ վիրաւորներ կրնային ողջ մնալ, եթէ ազրպէյճանցիները տային այդ հնարաւորութիւնը։ Ասիկա անոնց «մարդասիրական» մօտեցման օրինակն է»,- նշած է ան։