«Ուզեցի Մեր Ժողովուրդի Անծայրածիր Պատմութիւնը Եւ Կենցաղը, Փոքր Մէկ Մասը Հաւանաբար Պատմել Իմ Վրձինովս»․ Նշան Տէր Գալուստեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հարցազրոյցը վարեց` ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

Մուսա Լերան արմատներով  յայտնի նկարիչ Նշան Տէր Գալուստեանի ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 14 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, Մուսա Լերան հերոսամարտի տօնակատարութեան առիթով, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան:

Ան ծնած է Պէյրութ եւ իր պատանեկութիւնը անցուցած է Այնճարի մէջ: Ան արդէն իսկ փոքր տարիքէն ցուցաբերած է սէր արուեստի հանդէպ եւ իր շրջապատին ուշադրութիւնը գրաւած` իր տաղանդով: Տարիներու ընթացքին ան բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու, Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ:

Նշան Տէր Գալուստեան իր ստեղծագործութեան նախնական հիմնական ժամանակաշրջանին ապրած է Այնճար, եւ իր ստեղծագործութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է թէ՛ զինք շրջապատած սքանչելի բնութիւնը, եւ թէ՛ մուսալեռցիներու անմոռանալի յուշերը, աւանդութիւնները եւ ապրելակերպը: Նշելի է, որ Նշան Տէր Գալուստեան իր մասնագիտութեամբ եղած է թուաբանութեան եւ բնագիտութեան դասատու Լիբանանի երկրորդական տարբեր վարժարաններու մէջ: Աւարտած է Հայկազեան եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանները: 1978-ին ան իր ընտանիքին հետ փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ ու այսօր Ֆրեզնոյի մէջ եռանդուն կը գործէ թէ՛ հայկական միութենական կեանքի մէջ, եւ թէ՛ ստեղծագործական:

 ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչն էր դրդապատճառը, որ դուք որոշեցիք այս տարի, Խաչի տօնին առիթով, Այնճար գալ եւ Այնճարի մէջ ունենալ ձեր անհատական ցուցահանդէսը:

ՆՇԱՆ ՏԷՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ.- Այնճարի մէջ ցուցահանդէս մը տալու այս տարուան որոշումս յատուկ պատճառով չէ, պարզապէս կնոջս` Արուսին, եւ բարեկամներու յարատեւ պնդումներու ընդառաջումն ու փափաքի իրականացումն է ասիկա: Ուրեմն այս տարի յարմարագոյնը նկատեցի, ինչպէս նաեւ մտածեցի, որ Ֆրեզնոյի, Լոս Անճելըսի, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ եւ այլուր ցուցահանդէսներ տալէ ետք, անպայմանօրէն հիմա կարգը եկած է Այնճարին, եւ արդէն թերեւս ուշ է իսկ, պէտք էր ասկէ առաջ գայի: Ուզեցի այս տարի վերջնականապէս որոշել ու գալ եւ այս ցուցահանդէսը իրագործել:

Հ.- Ի՞նչ են ձեր ստեղծագործութեան հիմնական  նիւթերը, ձեր պատկերները ինչի՞ մասին կը խօսին:

Ն. Տ. Գ.- Սկզբնական շրջանին բնութիւնը եղած է նպատակը եւ նիւթը իմ պաստառներուս, պարզապէս` պատահական տեսարաններ եւ պատահական վայրեր: Երբ 2020 թուականին առաջին անգամ ըլլալով այցելեցի Հայաստան, որուն մասին երգած ենք, երեւակայած եւ այլն, ինչպէս շատեր, այդ թուականը եղաւ իմ ստեղծագործութիւններուս հիմնական անկիւնադարձը, եղաւ գծագրութիւններուս նիւթ եւ իմաստ ներշնչողը: Անկէ առաջ գրեթէ հայկական նկարչութիւն չէի ունեցած վրձինովս, այս թուականէն ետք էր, որ աւելի մտածեցի ունենալ հայկական բնութիւններ, հայկական տեսարաններ եւ այլն: Նաեւ նկատի ունենալով, որ մանկութիւնս եւ պատանեկութիւնս անցուցած եմ Այնճարի մէջ, որուն կարօտը, անցեալին տեսած եւ ապրած կեանքս կը մնան ներաշխարհիս մէջ, արուեստս ալ հետզհետէ զիս մղեց դէպի գիւղս, ժողովուրդս` անոր անցեալը ու ներկան ունենալով իբրեւ հարիւրաւոր նիւթեր: Մեր ժողովուրդին եւ անոր առօրեային կեանքէն,  պարզ մշակը, ցորենի հաւաքը, պաթոզը, կալը, լեռը, ծառը, ջուրը: Կան մարդիկ, որոնք գրիչով պատմած են մեր պատմութիւնը, իսկ ես ուզեցի մեր ժողովուրդին անծայրածիր պատմութիւնը եւ կենցաղը, փոքր մէկ մասը հաւանաբար պատմել իմ վրձինովս եւ փորձեցի գէթ փոքր հետք մը ձգել այդ ճամբուն վրայ, եւ այսպիսով տարիներ է, որ կը գծեմ, կը ստեղծագործեմ եւ տակաւին երկա՜ր-երկար ճամբայ ունիմ, գոնէ պզտիկ դրոշմ մը ձգեմ, ինչպէս ըսի, մեր անծայրածիր պատմութեան մէջ:

Հ.- Ինչե՞ր կը հանդիսանան ձեր ներշնչման աղբիւրը:

Ն. Տ. Գ.- Ինչպէս ըսի, մուսալեռցիին պատմութիւնը շատ հարուստ է ելեւէջներով, ուրախ թէ տխուր իրադարձութիւններով, յաղթանակ, քաջութիւն, ըմբոստութիւն, նահատակներ, տեղահանութիւն, հիւանդութիւն: Բոլորս գիտենք մեր պատմութիւնը: Այս դէպքերէն իւրաքանչիւրը եղած է ներշնչող աղբիւրներ իմ գործերուս, թերեւս` վերջին 20 տարիներուն ընթացքին, ուրեմն նկարագրած եմ պարզ մշակը, շատ պարզ տեսարաններ երբեմն, երբեմն ալ ամենացաւալի տեսարանն իսկ նկարագրած եմ աւելի պայծառ ձեւով, ինչպէս` Մուսա Լերան գեղեցիկ լեռները, տուները, փողոցները, գաղթի ճանապարհը դէպի Պասիթ եւ Այնճար, Այնճարի վրաններուն մէջ, տեղափոխութիւնը: Այս բոլորը տակաւին կը մնան  ժողովուրդին կենցաղին կամ պատմութեան մէջ, փոքր մասնիկ մը, զոր ես կը նկարագրեմ պաստառի վրայ եւ պիտի շարունակեմ նկարագրել, եւ տակաւին երկար ճամբայ կայ:

Հ.- Դուք, որ սփիւռքի մէջ կ՛ապրիք եւ կը ստեղծագործէք, ինչպէ՞ս եղած է ձեր հոգեկան կապը հայրենիքին հետ:

Ն. Տ. Գ.- Իրականութեան մէջ, եւ ինչպէս որ ըսի, Հայաստան այցելութիւնս եղաւ հիմնական անկիւնադարձը գործունէութեանս մէջ, որմէ ետք մինչեւ այսօր թերեւս գործերուս 95 տոկոսը եղաւ Մուսա Լերան ժողովուրդին կենցաղին ու առօրեային մասին, եւ նուիրուեցայ Այնճարի կեանքին նկարագրութեան` կենցաղին վրայ կեդրոնանալով, եւ կ՛ուզեմ Այնճարը պահել պաստառիս վրայ:

Նկարագրած եմ շատ մը հայաստանեան նկարներ, օրինակ` նիւթ ունենալով Արարատը, ինչպէս շա՜տ շատեր, սակայն նիւթս վերջին տարիներուն Այնճարն է եւ մուսալեռցին: Իսկ մեր սիրելի Արցախը  կը մնայ  հոգեկան աշխարհիս մէջ, եւ քաղաքական գետնի վրայ տարբեր իմաստով կը մօտենամ, բայց պաստառի վրայ` շատ քիչ: