ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը Պէտք է Վճռական Գործողութիւններ Ձեռնարկէ Արցախի Մէջ Ցեղասպանութեան Զարգացումը Կանխելու Համար․ Յայտնի Ցեղասպանագէտներ

Աշխարհ, Հայաստան

Յայտնի ցեղասպանագէտները բաց նամակ ներկայացուցած են ՄԱԿ-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ ցեղասպանութեան հնարաւորութեան վերաբերեալ։ Այս մասին կը հաղորդեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն։

Նամակին մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուի

«Ն.Գ. Անթոնիօ Կուտերեշ
ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար,

Պարոն Ֆոլքեր Թիւրք
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար,

Տիկին Ալիս Վայրիմու Նտերիդու
Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ խորհրդական,

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ երկիրներ Օգոստոս 9, 2023 թ.

Մենք՝ ներքոստորագրեալ գիտնականներս եւ ցեղասպանութեան հարցերով փորձագէտներս, կը գրենք ձեզի մեծ հրատապութեամբ եւ մտահոգութեամբ Արցախի Հանրապետութեան մէջ (նաեւ յայտնի է որպէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն) ցեղասպանութեան հնարաւորութեան վերաբերեալ: Իբրեւ գիտնականներ, որոնք խորապէս ներգրաւուած են ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեամբ, մենք պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած սարսափներու վկաներն ենք, եւ ջանասիրօրէն կը վերլուծենք անցեալի եւ ներկայ վայրագութիւնները՝ աշխատելով կանխել նոր ցեղասպանութիւնները: Ներկայիս մենք խորապէս մտահոգուած ենք Արցախի մէջ ցեղասպանութեան միանշանակ նախազգուշական նշաններուն ի յայտ գալով։ Վտանգի ամենակարեւոր գործօնը Բերձորի միջանցքի ապօրինի շրջափակումն է, որ Արցախը Հայաստանին կապող կենսական օղակ է։

2022 թուականի Դեկտեմբերէն Բերձորի միջանցքը՝ Արցախի բնակչութիւնը արտաքին աշխարհին կապող միակ փրկօղակը, ապօրինի շրջափակուած է ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ։ Այս տագնապալի իրավիճակը օրհասական դարձաւ 2023 թուականի Յունիս 15-ին, երբ ազրպէյճանը փակեց այս կենսական ճանապարհը՝ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ անոր 120,000 բնակիչները հասցնելով պաշարման վիճակի։ Վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին Արցախը բռնի կերպով զրկուած է առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ
ձեռք բերելու հնարաւորութենէն, ինչպէս՝ սննդամթերք, դեղորայք եւ այլ կարեւոր ապրանքներ։ Նույնիսկ ռուս խաղաղապահներուն եւ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէին (ԿԽՄԿ) կողմէ իրականացուող մարդասիրական օգնութեան ջանքերը խոչընդոտուած են՝ խորացնելով առանց այն ալ ծանր մարդկայնական ճգնաժամը:

Սաստկացող մարդկայնական ճգնաժամը դրդած է ԿԽՄԿ-ն, որ տեղւոյն վրայ աշխատող միակ միջազգային կազմակերպութիւնն է, լուրջ ահազանգ հնչեցնելու: Յուլիս 25-ին հրապարակուած գրութեամբ ԿԽՄԿ-ն միանշանակ փաստեց, որ «Քաղաքացիական բնակչութիւնը այժմ կը բախի կեանքի համար անհրաժեշտ դեղամիջոցներու եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու, ինչպէս՝ մաքրութեան միջոցները եւ մանկական կաթնախառնուրդը՝ բացակայութեան հետ: Միրգերը, բանջարեղէնը եւ հացը հետզհետէ կը պակսին եւ կը սղին, մինչդեռ որոշ այլ սննդամթերքներ, ինչպէս՝ կաթնամթերքը, արեւածաղիկի ձէթը, հացահատիկը, ձուկը եւ հաւը հասանելի չեն»։

Աւելին, Պաշտպանութեան պատասխանատուութեան համաշխարհային կեդրոնը տագնապալի վայրագութեան ահազանգ հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի համար՝ ընդգծելով զանգուածային ոճրագործութիւններուն առերեսուելու մշտական վտանգը։

Հաշուի առնելով վերը նշուած հանգամանքները եւ հիմնուելով տարբեր անաչառ կազմակերպութիւններու, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու եւ այլ համապատասխան շահագրգիռ կողմերու տրամադրած լրացուցիչ համապատասխան տեղեկատուութեան վրայ՝ մենք՝ իբրեւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ոլորտի փորձագէտներ, կը գտնենք, որ առկայ են ազդեցիկ ցուցիչներ, որոնք ցոյց կու տան, որ անյապաղ եւ վճռական գործողութեան բացակայութեան պարագային, Արցախի ցեղական հայ բնակչութեան ցեղասպանութիւնը հաւանական է։ Ինչպէս ընդգծուած է Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեամբ, Ցեղասպանութեան կանխարգիլումը եւ խոցելի բնակչութեան պաշտպանութիւնը համաշխարհային հանրութեան հիմնարար պարտաւորութիւններէն են։ Այս դրոյթը ընդգծուած է Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան եւ 1948 թ. ցեղասպանութեան համաձայնագրի մէջ, ինչպէս նաեւ ամրացուած է միջազգային դերակատարներու կողմէ ստանձնած յետագայ խոստումներուն մէջ: Առաջնորդուելով այս սկզբունքներով՝ մենք կոչ կ՝ընենք անդամ պետութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի մարմիններուն արագ եւ վճռական քայլեր իրականացնելու՝ իրացնելով իրենց պատասխանատուութիւնը՝ կանխելու անմեղ մարդոց կեանքերու ցանկացած կորուստ եւ բացառելու լայնածաւալ վայրագութիւններու դէպքերը:

Մասնաւորապէս, մենք կոչ կ՝ընենք Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան՝ իր իրաւագիրին ծիրէն ներս աշխուժացնելու վաղ նախազգուշացման մեքենականութիւնը՝ արագօրէն անդրադառնալու Արցախի մէջ ցեղասպանութեան տեսանելի եւ անմիջական սպառնալիքին։ Մենք կոչ կ՝ընենք համաձայնեցուած միջազգային ջանքեր գործադրելու՝ այս ծանր իրավիճակը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար: Անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է վճռական գործողութիւններ ձեռնարկէ ցեղասպանութեան զարգացումը կանխելու համար՝ հրատապ վերացնելով Բերձորի միջանցքին շրջափակումը, ատով իսկ վերականգնելով մարդոց, մեքենաներու եւ բեռներու անարգել տեղաշարժը այս կենսապահովման միջանցքով երկու ուղղութիւններով։ Անվտանգութեան խորհուրդին գործողութիւնները պէտք է նաեւ ի կատար ածեն Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2023 թուականի Փետրուար 22-ի (վերահաստատուած է 2023 թուականի Յուլիս 6-ին) Ժամանակաւոր միջոցներու մասին հրամանը, որ ազրպէյճանին յանձնարարած է «ձեռնարկել իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցները՝ ապահովելու մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու՝ Բերձորի միջանցքով անարգել տեղաշարժը երկու ուղղութիւններով։ Ժամանակաւոր միջոցներու մասին որոշումը պարտադիր է, եւ ազրպէյճանը կը շարունակէ խախտել իր միջազգային իրաւունքով ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ չկատարելով Միջազգային դատարանի հրամանը։

Աւելին, մենք կոչ կ՝ընենք ՄԱԿ-ին ստեղծելու եւ ուղարկելու փաստահաւաք առաքելութիւն Արցախ՝ տուեալներու մանրակրկիտ վերլուծութեան, իրավիճակի մասին զեկուցում պատրաստելու եւ տեղական համայնքներու եւ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցելու՝ շարունակուող յանցագործութեան հետեւանքները բացայայտելու եւ վերացնելու համար։

Ցեղասպանութեան կանխարգելումը կը պահանջէ հաւաքական ջանքեր, միասնական վճռականութիւն եւ միջազգային հանրութեան անսասան յանձնառութիւն: Մենք կոչ կ՝ընենք ՄԱԿ-ին եւ անոր մարմիններուն առաջնահերթութիւն տալու Արցախի մէջ ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ վճռական քայլեր ձեռնարկելու՝ պաշտպանելու հազարաւոր անմեղ մարդոց կեանքն ու արժանապատուութիւնը։

Ժամանակը շատ էական է: Մենք կոչ կ՝ընենք ձեզի գործելու արագ եւ վճռական՝ առաջնորդուելով Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան սկզբունքներով եւ մարդկութիւնը ցեղասպանութեան արհաւիրքէն պաշտպանելու իրաւագիրով։

Յարգանքներով կը ստորագրենք,

Melanie O’Brien, Associate Professor of International Law, University of Western Australia; and President of the International Association of Genocide Scholars

Henry C. Theriault, Associate Vice President for Academic Affairs at Worcester State University, Past President of the International Association of Genocide Scholars (2017-2021)

Andrew Woolford, Professor, Head of Department of Sociology and Criminology, University of Manitoba, Past President of the International Association of Genocide Scholars (2015-2017)

Israel Charny, Director of the Institute on the Holocaust and Genocide in Jerusalem, Past President of the International Association of Genocide Scholars (2005-2007)

Armen Marsoobian, Professor of Philosophy, Southern Connecticut State University, Past First Vice President of the International Association of Genocide Scholars (2019-23)

Elisa von Joeden-Forgey, Chair of Department of Holocaust and Genocide Studies, Keene State College, Past First Vice President of the International Association of Genocide Scholars (2015-17)

Hervé Georgelin, Assistant Professor, Department of Turkish Studies and Modern Asian Studies, National and Capodistrian University of Athens

Dr. Vasileios Meichanetsidis, Greek Genocide scholar»։