Իրանական «Karzar.net» Կայքին Մէջ Մեկնարկած է Ստորագրահաւաք՝ Բերձորի Միջանցքի Արգելափակման Վերացման Պահանջով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Իրանական «Karzar.net» կայքին մէջ մեկնարկած է ստորագրահաւաք, որ կը դատապարտէ Բերձորի միջանցքին ապօրինի շրջափակումը եւ կոչ կ՝ընէ քայլեր ձեռնարկելու՝ Արցախի մէջ մարդկայնական աղէտը կանխելու ուղղութեամբ։

ParsToday-ը կը գրէ, որ ստորագրահաւաքը նախաձեռնած է «Անահիտ» գիտամշակութային եւ գրական հանդէսի խմբագրական խորհուրդի քարտուղար Աբբաս Էղպալ Մեհրանը։

«Սննդամթերքի եւ դեղորայքի առաքման արգելափակումը եւ Արցախի 120,000 հայ բնակչութեան շրջափակումը պաքուի հանրապետութեան կազմակերպած ցեղասպանական գործողութիւններէն են Արցախի հայութեան հանդէպ, որ կ՝իրականացուի Բերձորի անցակէտին արգելափակումով՝ դէպի Արցախ պարէնային եւ դեղորայքի օգնութեան մատակարարումը կանխելու նպատակով։

Իրանի հարեւանութեամբ գտնուող Արցախի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւնները ցաւ կը պատճառեն իւրաքանչիւր մարդու՝ անկախ դաւանած կրօնէն կամ ազգութենէն։

պաքուի հանրապետութեան կողմէ միանգամայն կեղծ պատճառներով Արցախի մէջ բնակող 120,000 հայերուն ապօրինի շրջափակումը կը փաստէ, որ այդ երկիրը կ՝իրականացնէ պետականօրէն կազմակերպուած եւ ծրագրուած ցեղասպանութիւն։

Արցախի մէջ սննդամթերքի բացակայութիւնը, դեղորայքի եւ բժշկական սարքերու պակասը, տեղի 2000 յղի կանանց եւ 30,000 երեխաներուն շրջափակումը կը փաստէ, որ պաքուի հանրապետութիւնը ակնյայտօրէն կ՝անտեսէ միջազգային պայմանագրերը եւ յայտարարութիւնները։ Մասնաւորապէս՝ Հաագայի միջազգային դատարանին վճիռը, որ կը դատապարտէ Բերձորի անցակէտին անօրինական արգելափակումը։

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն կողմէ Բերձորի անցակէտի արգելափակման անտեսումը, Արցախը սնունդով ու դեղորայքով ապահովելու պատրաստակամութեան պակասը կը վկայէ աղէտի խորութիւնը ընկալելու մարդկային անտարբերութեան մասին, որուն ականատեսն ենք այսօր Արցախի մէջ։

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու անգործութիւնը պաքուի հանրապետութիւնը դարձուցած են աւելի մեծամիտ՝ արցախցիները ձգելով դժուարութիւններու մէջ։

Անհրաժեշտ է, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը ընդունի բանաձեւ, որ պիտի պարտաւորեցնէ պաքուի հանրապետութիւնը վերացնելու Բերձորի անցակէտին արգելափակումը՝ ապահովելով Արցախի բնակիչներուն անվտանգութիւնը։

Այս առումով ցանկացած ձախողում կը հանգեցնէ 1915 թուականին օսմանեան կայսրութեան կողմէ կազմակերպուած Հայերու Ցեղասպանութեան կրկնութեան, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ ցեղասպանութիւնը եւ Արցախի հայութեան ցեղական զտումները կը շարունակուին պաքուի կառավարութեան գիտակցութեան մէջ»,- նրուած է յայտարութեան մէջ։

Ստորագրահաւաքին մասնակցելու համար կրնաք այցելել https://www.karzar.net/82029 կայքը։