Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեպանը

Հայաստան, Սփիւռք

Երկուշաբթի, 31 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ,  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:

Վեհափառ հայրապետը դեսպանը տեղեակ պահեց միջեկեղեցական աշխարհին ճամբով, յատկապէս Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին կողմէ Արցախի գծով կատարուելիք յայտարարութիւններուն մասին: Դեսպանը, իր կարգին, անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ներկայացուց վեհափառ հայրապետին Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին: