
ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ Է. Միջազգային Հանրութիւնը Կը Սպասէ Հազարներով Մարդիկ Մեռնին, Որպէսզի Յետոյ Երկերեսանիօրէն Ափսոսանքներ Արտայայտէ․ Գեղամ Ստեփանեան
ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿՈՄԻՏԷԷՆ Կը ՊԱՀԱՆՋԵՄ ՎԱՌԵԼ ՄԱՐԴՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԵԼՈՒ ՎՏԱՆԳԻ ԱՀԱԶԱՆԳԻՆ ԿԱՐՄԻՐ ԿՈՃԱԿԸ։ Այս մասին գրած է Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Գեղամ Ստեփանեան։
«Մէկ ամիս շարունակ Արցախը ամբողջութեամբ կտրուած է մարդկայնական հասանելիութենէ՝ բառին բուն իմաստով պաշարուած ազրպէյճանի կողմէ։ Յունիս 15-էն սնունդի, կենսական նշանակութեան ապրանքներու ներկրումներու դիտաւորեալ ամբողջական արգելափակումը կը սպառնայ 120,000 մարդու կեանքին։ ազրպէյճանը Յուլիս 11-էն արգելափակած է նաեւ Կարմիր խաչ միջազգային կոմիտէին կողմէ դէպի Արցախ դեղորայքի ներկրումները եւ բուժառուներուն փոխադրումները։
Խաղաղապահները իրենց պահպանման համար ուղղաթիռներով ներկրումներ կ՝ընեն, այնինչ Արցախի ամբողջ բնակչութիւնը կը մատնուի սովի, իսկ միջազգային դերակատարները յայտարարութիւններէն բացի այլ քայլեր չեն ձեռնարկեր։ Միջազգային հանրութիւնը կը սպասէ հազարներով մարդիկ մեռնին, որպէսզի յետոյ երկերեսանիօրէն ափսոսանքներ արտայայտէ։
Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէէն կը պահանջեմ վառել մարդոց ցեղասպանուելու վտանգի ահազանգին կարմիր կոճակը։ Դուք ատիկա կրնաք ընել։
Իմ ժողովուրդը մատնուած է յանցաւոր անտարբերութեան բոլորին կողմէ։
Կը կրկնեմ՝ Արցախի մէջ իրավիճակը օրհասական է»։