Սումգայիթի Դատարանին Մէջ Դատախազը Հայ Գերիներուն Համար 12 Տարուան Ազատազրկում Պահանջած է

Աշխարհ, Հայաստան

Տեղի ունեցած է ազրպէյճանի պետական սահմանը «խախտելու եւ ծանր յանցագործութիւններ կատարելու համար» (չակերտները Tert.am-ի) մեղադրուող հայ զինծառայողներ Յարութիւն Յովակիմեանի եւ Կարէն Ղազարեանի գործով հերթական դատական նիստը։ Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։

Սումգայիթի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ դատախազը անոնց համար պահանջած է 12 տարուան ազատազրկում։

Վճիռը պիտի հրապարակուի վաղը՝ Յուլիս 7-ին։

Յիշեցնենք, որ Մայիս 26–ին մարտական դիրքեր սնունդ մատակարարող ՀՀ ԶՈւ 2 զինծառայողի հետ կապը ընդհատուած էր։ Յաջորդ օրը ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ միջդիրքային ճանապարհին յայտնաբերուած է թիկունքային մատակարարման ինքնաշարժը, որուն մէջ եղած է նաեւ զինուորներէն մէկուն ամրակցուած զէնքը։

Նոյն օրը յայտնի դարձած էր, որ անոնց առեւանգած են ազրպէյճանցիները։