Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ (9 Մայիս)․ Համբիկ Պիլալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մենք չենք «մահացած», որ վերապրինք, կրնայ ըսել ազգային շունչով հասակ առած երիտասարդ մը: Մենք չենք կորսնցուցած, որ վերագտնենք, կրնայ հաստատել արարատասէր ոեւէ հայորդի: Մենք չենք լքած ու հեռացած, որ պատրանքով  ապրինք, կրնայ բարձրաձայն գոչել իր հարազատ հողին վրայ ապրող արցախցին:

Այո՛, երանի՜ թէ ամբողջ ազգը, իր բովանդակ շերտերով կարենար հասկնալ վերեւ յիշատակուած մտածումին էութիւնը, պիտի ըսէր, հայոց պատմութեան հաղորդ եւ ազգային ապրումներով կեանք ու հոգի մաշեցուցած տարեց հայը, որ ի տես իր ժողովուրդի ճակատագիրին, շիկացած ճակատով եւ գլուխը խոնարհած կը սպասէ իր վախճանին:

Իսկ հայ մամուլին քաջածանօթ թէ գիրքերու աշխարհին բարեկամ հայ միտքն ու ծառայասէր անձը անպայման պիտի բորբոքի եւ ընդվզի, պոռթկայ եւ չընդունի այն բոլոր ընդարմացած կեցուածքները, ապիկարի գործելաոճերը, թշուառութեամբ յագեցած մտմտուքները, յանձնուողական քայլերը, բայց մանաւանդ յուսահատութեան մէջ ընկողմանած պետական այրերու թէ հասարակ ժողովուրդին մօտեցումները, որոնք մեզ` ազգովին կրնան տանիլ դէպի խորխորատ եւ սեւ ճակատագիրին յանձնուելու փորձութեան:

Ստորեւ, վերեւ մատնանշուածի եւ ընդգծուած իրողութեան միւս պատկերը, աւելի գեղեցիկը, վեհը, իրականը, իրաւը:

9 մայիս, 1992:

Ժամանակակից հայոց պատմութեան էջերուն արձանագրուած է դիպաշար մը, որ կը բաղկանայ արտասովոր թէ անօրինակ սխրանքէ, կամքի արտայայտութենէ, մտքի ու հոգիի եզակի պատրաստուածութենէ, հոգեկերտուածքէ, զինուորական թէ ռազմավարական ունակութենէ, ազգային թէ քաղաքական ըմբռնումէ, մէկ խօսքով` ազգ մը ամբողջ դաստիարակելու անկրկնելի հերոսապատումէ, որուն անուանումն է եղած` «Հարսանիք լեռներում»:

Հաւանաբար, պէտք էր ըսուէր, «կարմիր հարսանիք լեռներում»` նկատի առնելով, որ տուեալ դիպաշարը արեամբ, զոհողութեամբ եւ անասելի նուիրուածութեամբ կեանքի եկած քաջագործութեան հեքիաթ մըն է:

Կրնայ առարկուիլ, թէ այդ ե՞րբ է պատահեր, որ մարդ արարածի մտածումի կիզակէտին` սպիտակի փոխարէն կարմիր հարսանիքի մասին խօսք ըլլայ: Չէ՞ որ անձնական թէ հաւաքական կեանքի ամէնէն ուրախառիթ արարողակարգն է ան, որով կ՛իրականան սպիտակ երազի, հաւատքի ու երջանկութեան ընկալումները:

Աւելցնենք սակայն, որ հայոց թագուհի` Շուշիի հարսանիքը, որ տեղի ունեցաւ աւելի քան երեսուն տարի առաջ, սովորական պայմաններու մէջ չպատահեցաւ, խնճոյքի թէ կերուխումի մթնոլորտի մէջ չիրագործուեցաւ, այլ դաժան ու վայրագ թշնամու դէմ կռուելով, թուրք-ազերի հորդաներ ծունկի բերելով կեանքի կոչուեցաւ:

Փաստօրէն, կարմիր հարսանիքը, որ Շուշիի բարձունքին իրականացաւ, հայոց լեռներու, անտառներու թէ բնութեան տարածքին մէջ է, որ սկիզբ առաւ եւ իր երթը շարունակեց դէպի բարձունք: Ու այդ ճանապարհին, հայոց աստծոյն` Հայկի տղաքը, թիւով քանի մը հարիւր հոգի, իրենց ուսին շալակած էին, զէնք ու զինամթերքի կողքին, հայ ժողովուրդին երազը, թուրքին անպայման յաղթելու վճռակամութիւնը:

Անոնք` հերոսապաշտ մեր տղաները, իրենց կուրծքին ու սիրտին կնքած էին սպիտակ խաչի խորհուրդը, լեցուած էին հայրենասէրի հաւատամքով եւ հաւատքով: Անոնց համար յստակ էր, որ յաղթանակի ճանապարհը, թէեւ լեցուն էր տատասկով ու անանցանելի արահետներով, այդուհանդերձ, երդուած էին սրբազան Արարատին եւ Ծիծեռնակաբերդին դիմաց, աննկուն կամքով քալել այդ ճանապարհէն, հասնելու հոն, ուր զիրենք կը սպասէ թագուհին հայոց` Շուշին:

Շուշին, որ ունէր դարաւոր կեանք եւ չէր ծերացած ժամանակի թաւալքին հետ:

Շուշին, որ պարսպապատ էր ու թառած լերան բարձունքին, եւ բնաւ առանձին չէր զգացած, լքուած ու անտէր, որովհետեւ անոր ամրակուռ ժայռերու արանքին հայոց հազարամեայ քրտինքն ու արիւնն էր հոսեր:

Շուշին, որ լոյսի ու յոյսի, մշակոյթի եւ դպրութեան քաղաք է եղեր, գիտակից էր իր առհաւական կանչին ու լաւատեղեակ էր այդ ճշմարտութեան:

Շուշին, որ շրջապատուած էր բնութեան հրաշալիք գեղեցկութեամբ եւ այդ հողին վրայ ծնունդ առած ու սնած ժողովուրդի ստեղծագործ հաւատքով, քաջածանօթ էր, ու ցարդ զինք արժեւորած եւ իրմով հպարտացած հայութիւնը, ինչ ալ ըլլայ կեանքի թաւալքն ու ներազգային կեանքի վերիվայրումները, տէրն է իր թագուհիին, պարտաւոր է տիրութիւն ընել անոր` պահելու ու պահպանելու քաղաքի ինքնութիւնն ու պատմական ճշմարտութիւնը:

Այո՛, մեր նոր օրերու ֆետայիները, հայոց բանակի տիտան տղաքը, իրենց ետին ունենալով արժանաւոր հրամանատարներ թէ քաղաքական գործիչներ, նաեւ իրենց թիկունքին` հայութիւնը ամբողջ, խաչակնքեցին, ու իրենց նայուածքը յարած դէպի Շուշի, սկսան խումբ առ խումբ, երեք ուղղութեամբ բարձրանալ դէպի սրբազան գագաթը լեառն Շուշուայ:

Ու շնորհիւ հայ ռազմավարական մտքին ու զինուորական պատրաստութեան, եւ ի գին մեծ զոհողութեան, հայոց արծիւները մուտք գործեցին Շուշի եւ ծունկի եկած աղօթեցին սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ այլակերպուած խորանին առջեւ:

Այլանդակուած այն խորանին առջեւ, զոր տասնամեակներ շարունակ ախոռի էր վերածած թուրք-ազերին եւ իր գազանային թաթը դրած անոր գմբէթին: Բարբարոս թրքութիւնը, բռնագրաւած էր հայոց թագուհին եւ զայն վերածած աղտի ու աղբի մեծ շտեմարանի, ուր կ՛ապրէին գազանաբարոյ մարդիկ ու վեհերոտ զինուորներ:

Մենք վերատիրացանք Շուշիին եւ հոն կանգնեցուցինք մեր տոկունութեան եւ հաւատամքի յուշակոթողը: Այս կոթողը կառուցուած էր շնորհիւ հայու կերպարին ու տեսակին: Այս կոթողը չունէր քանդակագործ կամ շինուածք, ան հոգեկերտուածքի մը ձեւը ունէր, արեամբ շաղախուած եւ ազգային ապրումներով սնած էր: Անոր վերստին ազատագրումով` հայութիւնը նոր շունչ կ՛առնէր անոր, ազգային ոգին կը վերաբորբոքէր, հայու տիպը կը պայծառանար, թագուհին հայոց կը վերահայանար:

Սակայն, երեսուն տարի ետք, հայութեան սեւ ճակատագիրը կրկին հարուած կու տար նոյնինքն Շուշիին: Այս անգամ` դաժան իրադրութիւններու իբրեւ հետեւանք: Եւ ահա, Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմի (2020) ահագնութիւնը իր թաթը կը դնէր նաեւ Շուշիի բարձունքին, մէկ տարբերութեամբ, որ Շուշին զոհ կ՛երթար այս թէ այն դաւադրութեան, ներքին թէ արտաքին սադայելական ծրագիրներու:

Ինկաւ դրախտավայր Շուշիին, հազարամեայ կեանք ու պատմութիւն ունեցող արծուաբերդը: Ինկաւ հայոց մտքի ու կամքի ամրոցը: Թշնամիին յանձնուեցաւ մեր արեամբ կառուցուած յուշակոթողը: Պատճա՞ռը, թէեւ յստակացած, պարզուած եւ ըստ էութեան բացայայտուած, այդուամենայնիւ, թող ներկայ ու հեռակայ սերունդները լաւ ուսումնասիրեն եւ ըստ այդմ գնահատեն պատահածին դառնութիւնը:

Շուշին, որ գոյութենական մեր պայքարին խարիսխն էր, այսօր տխրութեամբ կը հետեւի հայ կեանքին ու կատարուածի թշուառութեան: Շուշին, որ հայ ժողովուրդի միասնականութեան, ողջախոհութեան եւ բազուկի խորհրդանիշն էր, այսօր առանձին կը դիմակայէ թրքութիւնը: Շուշին, որ յաւիտենապէս ապրելու եւ մեր երազին` Արարատին հասնելու կողմնացոյցն էր, այսօր «տժգոյն» է, ինչպէս որ ուզեցին ըլլայ մեր օրերու տխրադէմ պետական այրերն ու կարգ մը մտքով բորբոսած քաղաքական գործիչները:

Թէեւ ըսուածները իրականութեան մէկ պատկերն են, սակայն գոյութիւն ունի մետալի միւս երեսը, այդ ալ հայոց պատմութեան էջերէն ցայտող ապագայակերտ պատգամն է, որ դարերու խորերէն կու գայ, առաւել կը պայծառանայ, կը յուշէ ու մեզ զգաստութեան կը հրաւիրէ ամէն քայլափոխի, թէ առանց հայրենի հողին եւ արմատ նետած հայու տեսակին, չկայ փրկութիւն, ազատութիւն եւ խաղաղութիւն:

Անառարկելի ճշմարտութիւն է, որ հայութիւնը, հայոց բանակը, նորահաս սերունդի տղաք ու աղջիկեր, մեծեր ու փոքրեր, երեսուն տարիէ ի վեր կը մարտնչին յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան եւ ազատութեան: Ճիշդ է նաեւ այն, որ վերջին պատերազմին, 44 օրերու ընթացքին, հայոց բազուկը աներեր կռուեցաւ թուրքին դէմ, զարկաւ ու զարնուեցաւ, ահաւոր կորուստի մատնելով թշնամի ուժեր, այդուհանդերձ չկրցաւ կասեցնել անոնց (թուրք, վարձկան թէ այլ օտար) յարձակումները:

Հայոց բանակի թէ կամաւորական գունդի տղաները, կռուեցան սրտապինդ եւ ուժեղ հոգիով, բազում ճակատներ պահեցին անխորտակ, սակայն, թշնամի ուժերու արհեստագիտութեամբ յագեցած զինանոցը, ինչպէս նաեւ օտար պետութիւններու լուռ եւ մեղսակից կեցուածքը, պահ մը, անակնկալի մատնեց հայոց զինուորական կառոյցն ու հրամանատարութիւնը:

Մենք պարտուեցանք քանի մը ճակատի վրայ, իսկ այլ ճակատներ յանձնեցինք: Մենք կորսնցուցինք պատերազմը, որովհետեւ պատրաստուած չէինք ատոր, այլ զբաղած զիրար յօշոտելու թրքավարի կենցաղակերպով: Մենք հիասթափեցանք, որովհետեւ լռութեան մատնած էինք Եռաբլուրի մէջ աստուածացած տղոց կանչը: Մենք այս դաժան ճակատագիրին ենթարկուեցանք, որովհետեւ միասնականութեան ոգին թաղած էինք եւ լծուած սեփական ստամոքսի եւ ինչքի պաշտպանութեան եւ յանձնուած աւարի եւ աւերի բարբաջանքներով զբաղելու փորձութեան:

Հայութիւնը կորսնցուց ճակատամարտը, որովհետեւ իր ծոցէն չկրցաւ վանել, դուրս շպրտել երէկի թէ այսօրուան աւազակները, փտածները, կաշառակերները, ամուլ քաղաքականութիւն վարողները, խենեշ վարքագիծով մարդուկները:

Արդ, սոսկալի աղէտ մըն էր պատահածը հայոց գլխուն, ոչ անպայման ազգի պարտութիւն, պարզ այն բացատրութեամբ, որ հայոց բանակը ունէր կարելիութիւն կասեցնելու թշնամի ուժերու յառաջխաղացքը, չունեցաւ կամքը, ըստ երեւոյթին, որ յանձն առնէ նաեւ նման զոհողութիւն:

Ազատագրուած Շուշիի տօնին առիթով, հայութիւնը պարտաւոր է իր բոլոր շերտերով վերատեսութեան ենթարկել իր մօտիկ անցեալն ու ներկան, ձերբազատի զիրար յափշտակելու եւ ստորնացնելու վարքագիծէ եւ շուտափոյթ լծուի ինքզինք արժեւորելու եւ ինքնակազմակերպման, որպէսզի գալիքին` աւելի մեծ պատերազմի արհաւիրքին` Հայաստանի ու հայութեան բնաջնջումին դէմ կենաց մահու մարտեր մղելու պատրաստ ըլլայ: