
Մայիս 9-ը Առիթ է Դարձեալ Խօսելու Շուշիի Պատմութեան Մասին, Որ Հայոց Պատմութեան Երեւելի Էջերէն է
Մայիս 9-ը առիթ է դարձեալ խօսելու Շուշիի պատմութեան մասին, որ հայոց պատմութեան երեւելի էջերէն է։
Շուշին եղած է հայ մշակոյթի կարեւոր կեդրոն։ Դեռ 1827-ին այնտեղ հիմնուած է տպարան, ուր տպագրուած են հոգեւոր եւ աշխարհիկ բովանդակութեամբ բազմաթիւ գիրքեր։ 20-րդ դարու սկիզբը Շուշիի մէջ հրատարակուած են 21 հայերէն թերթեր եւ ամսագրեր։ Գործած են ուսումնական 10 հաստատութիւններ, որոնցմէ նշանաւորներն են՝ Ղարաբաղի հայոց թեմական դպրոցը, որ հիմնուած է 1838թ-ին, Ղարաբաղի օրիորդաց ուսումնարանը, ինչպէս նաեւ Շուշիի արքունական գիմնազիան։
1865-էն սկիզբ դրուած Շուշիի թատերական կեանքին։ Հարուստ եղած է երաժշտական կեանքը։ Այսպէս շարունակաբար կարելի է խօսիլ Շուշիի հարուստ մշակոյթին, նշանաւոր եկեղեցիներուն մասին, որոնք վկայած են հայու ինքնութեան մասին, Արցախ աշխարհի հնադարեան պատմութեան ու քաղաքակրթութեան մասին։
Սերտե՛նք Շուշիի հարուստ պատմութիւնը, որպէսզի կարենանք ճանչնալ մեր արմատները։ Այդ զգացողութիւնը կրնայ արթուն պահել մեր պայքարի ոգին, առանց որուն ի չիք կը դառնան մեր բոլոր երազանքները։
Այսօր՝ երբեմնի Եռատօնին, որուն զարդը Շուշիի ազատագրումն է, դառնացած սրտով ու կոտրուած հոգիով կը խօսին, բայցեւ չկորսնցնելով հաւատը, որ օր մը… Խոնարհինք մեր բոլոր ժամանակներու, բոլոր հերոսներու շիրիմներուն առջեւ եւ երդուինք….։
Ռուզան Առաքելեան
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն