«Մատրիտեան Սկզբունքներ»-ը Լաւագոյն Բնորդը Կը Կազմէին Հարցերու Լուծման Ողջ Պատմութեան Ընթացքին․ Պորիս Նաւասարդեան
Երեւանի մամլոյ ակումբի նախագահ Պորիս Նաւասարդեան՝ «Մատրիտեան սկզբունքներ»-ու մասին Նիկոլ Փաշինեանի մեկնաբանութենէն ետք՝ 24news․am-ի եթերով ըսած է.
«Նիկոլ Փաշինեան մինչեւ 2018-ը եղած բանակցային ամբողջ գործընթացը կը փորձէ վարկաբեկել։ Եթէ անոր միակ նպատակը քաղաքական է, այսինքն՝ արդարացնել այն բոլոր անյաջողութիւնները, զորս ունեցած ենք վերջին տարիներուն ընթացքին, ատիկա կարելի է համարել քաղաքական մարտավարութիւն։ Եթէ այլ կողմէ մօտենանք ու ենթադրենք, որ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է այն, ինչ կը մտածէ, ատիկա կը նշանակէ, որ ան մինչեւ այսօր ընդհանրապէս պատկերացում չունի ինչ եղած է հակամարտութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին։ Եւ եթէ ատիկա չի պատկերացներ, նախապատկերը չունի, դժուար է պատկերացնել մեր իշխանութիւններէն, ճիշդ դիրքորոշում ունենալ նաեւ այսօր»։
«Եթէ կը խօսինք «Մատրիտեան սկզբունքներ»-ուն մասին, ես կը համարեմ, որ հակամարտութեան յաղթահարման այն մեթոտը, որ կար մինչեւ 2011 թուական, կ’ենթադրէր, որ միջնորդները ուսումնասիրեն հակամարտող կողմերու դիրքորոշումները եւ իրական իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ եւ այդ ամէնը նկատի առնելով՝ առաջարկած են լուծման լաւագոյն բնորդը։ Իմ գնահատումով, «Մատրիտեան սկզբունքներ»-ը եւ այն, ինչ որ անոնց շուրջ ձեւաւորուած է, լաւագոյն բնորդը կը կազմեն հարցի լուծման՝ ամբողջ պատմութեան ընթացքին եւ ատիկա չգիտակցիլը․․․»,- ըսած է Պորիս Նաւասարդեան։
Անոր խօսքին համաձայն, «Մատրիտեան սկզբունքներ»-ը այսօր չեն կրնար գործել, որովհետեւ այսօր հակամարտութեան յաղթահարման բնորդի միջնորդներուն դերակատարումը մօտաւորապէս զերօ է։ Այսօր բնորդը կրնայ ըլլալ միայն երկողմնի բանակցութիւն։
Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք «Մատրիտեան սկզբունքներ»-ը չէր ենթադրեր ինքնորոշում տարածքային ամբողջականութեան մէջ, Պորիս Նաւասարդեան ըսած է․ «Ոչ, կ’ենթադրէր հարցի այնպիսի լաւագույն լուծում, որ պիտի ձեւաւորուի որոշակի անցումային շրջանէն վերջ»։
Իսկ՝ «Այսինքն, ճիշդ է պնդումը, որ «Մատրիտեան սկզբունքներով», որ առաջարկած էին, դրախտ է անոր համեմատ, ինչ-որ ունինք», պատասխանած է՝ «Իսկ ո՞վ կը կասկածի»։
Նշենք, որ երէկ՝ 18 Ապրիլին, Ազգային Ժողովի մէջ Նիկոլ Փաշինեան խեղաթիւրած է բանակցային փաստաթուղթն ու պատմութիւնը՝ յայտարարելով, թէ «Մատրիտեան սկզբունքներ»-ով Հայաստանը Արցախը ճանչցած է ազրպէյճանի մաս։
