Միայն Կապան Համայնքի Տարածքէն ազրպէյճանական Գրաւման Ներքոյ Յայտնուած է 2,700 Հեկտար. «Թաթոյեան»

Աշխարհ, Հայաստան

«Թաթոյեան» հիմնադրամը ամփոփած է Սիւնիքի մէջ իրենց փաստահաւաք աշխատանքներու մէկ մասին արդիւնքները`

«Միայն Կապան համայնքի տարածքէն եւ միայն 2022թ. Սեպտեմբեր 13-14-ի ազրպէյճանական զինուած յարձակումներու եւ յանցաւոր ներխուժումներու հետեւանքով ազրպէյճանական գրաւման ներքոյ յայտնուած են՝

1)2,400 հեկտար յատուկ պահպանուող հողեր.

2)170 հեկտար անտառային հողեր.

3)130 հեկտար համայնքային հողեր:

Ընդհանուր՝ 2,700 հեկտար

Նշուած 2,700 հեկտարէն բացի, 1,000 հեկտարէն աւելի հողատարածք յայտնուած է վտանգաւոր գօտիի մէջ, ուր կա´մ հնարաւոր չէ իրականացնել գիւղատնտեսական կամ այլ տեսակի որեւէ աշխատանք, կա´մ այդ աշխատանքները էականօրէն դժուարացած են՝ կեանքի համար իրական վտանգներու պատճառով:

Մասնաւորապէս (ըստ գիւղերու)՝

Ներքին Հանդ.

Սրաշէն.

Շիկահող.

Ճակատեն.

Գեղանուշ»։