
Նազիկ Աւդալեանը՝ Եւրոպայի Առաջնութեան Մրցավար
Երեւանի մէջ իրականացուելիք ծանրամարտի Եւրոպայի առաջնութեան մրցավարներուն հետ ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ, աշխարհի ու Եւրոպայի ախոյեան Նազիկ Աւդալեանը։ Այս մասին, ըստ Sport.News.am-ի, կը հաղորդէ Եւրոպայի ծանրամարտի ֆետերասիոնի Facebook-ի էջը։
Առաջնութեան արհեստագիտական պաշտօնեաներուն մէջ են Հայաստանի ներկայացուցիչ Արայիկ Ալավերդեանն ու Յարութիւն Չոբանեանը։
Եւրոպայի առաջնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, Ապրիլ 15-23։ Անիկա վարկանիշային է 2024թ․ Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն համար։