ԹՇՆԱՄԻի Կրակոցէն Երասխի Մէջ Զինծառայող Մը Զոհուած է
Մարտ 22-ին, ժամը 16:20-ի սահմաններուն, Երասխի հատուածին վրայ տեղակայուած մարտական դիրքի վրայ՝ ԹՇՆԱՄԻի կրակոցէն զոհուած է ՊՆ N զօրամասի զինծառայող Արշակ Սերիոժայի Սարգսեանը:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
