Դարեր Առաջ Հաստատուած Տօնը Կարծես Թէ Ազգի Փրկութեան Բանալիներ ու Բանաձեւեր Կու տայ Ներկայ Ժամանակին Համար․ Արցախի Թեմի Առաջնորդ

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեան՝ Սուրբ Սարգիսի տօնին առիթով՝ աղօթք ու շնորհաւորանք յղած է երիտասարդներուն։

«Բազմիմաստ ու անչափ կարեւոր է այս տօնին խորհուրդը յատկապէս ներկայ օրերուն, երբ մեր երկիրը կ՝անցնի ծանր փորձութիւններու մէջէն։ Զօրական, երիտասարդութիւն եւ ընտանիք․ Այս երեք կարեւոր գաղափարները կը յայտնուին մեր մտապատկերին մէջ, երբ կը խորհինք Սուրբ Սարգիսի կերպարին եւ անոր նուիրուած եկեղեցական տօնին մասին։ Դարեր առաջ հաստատուած տօնը կարծես թէ ազգի փրկութեան բանալիներ ու բանաձեւեր կու տայ ներկայ ժամանակին համար։ Եւ ասիկա բնական է, քանի որ անիկա Սիրոյ տօն է, իսկ Սէրը երբեք չ՝անհետանար (Ա Կոր․ 13։8) եւ միշտ ալ ժամանակակից է։

Կարիք չկայ խօսքերու գեղեցկութեամբ ու շատութեամբ բացատրելու, թէ ով է զինուորն ու զօրականը Հայոց ազգի համար, որովհետեւ վերջին գոյապայքարէն ետք դեռ չեն սպիացած մեր վէրքերը, դեռ թարմ են յիշողութիւնները մեր նահատակ տղաներու սխրանքներուն մասին, որոնց մեծամասնութիւնը ձեր նման երիտասարդներ էին։

Սիրելի երիտասարդներ, դուք էք մեր երկրի գոյութեան շարժիչ ուժը, որովհետեւ ձեր շարքերէն կը ծնին երկրի պաշտպաններ ու կը կազմուին նոր ընտանիքներ։ Թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ մեր վաղուան օրը, մեծապէս կախուած է ձեր այսօրուան կեցուածքէն ու դաւանած արժէքներէն։ Եթե յետադարձ հայեացք նետենք ոչ վաղ անցեալին, պիտի տեսնենք, որ արցախեան շարժման հիմքերուն վրայ կանգնած էին համալսարանական երիտասարդները՝ Ձեր հայրերն ու մայրերը, որոնք այդ շարժումը իր լրումին հասցուցին իրենց պայքարով ու նահատակութեամբ։

Յաջորդ արժէքը ազգային մեր կեանքին մէջ Հայ Ընտանիքն է։ Որպէսզի աւելի ընկալելի ըլլայ ընտանիքի արժէքն ու դերը, տեղին կը համարենք մէջբերել Մուրացանի խօսքը, որ կը հնչէ Գէորգ Մարզպետունիի բերանով․ «Ազգերու զօրութիւնը ընտանիքներուն մէջ է․․․ զօրաւոր է այն ազգը, որ ունի զօրաւոր ընտանիքներ, սիրով, միութեամբ, առաքինի եւ հաւատարիմ կենակցութեամբ ապրող ընտանիքներ․․ Ինչպէս որ չի կրնար ապրիլ այն տունկը, որուն արմատները չորցած են կամ որթնած, այնպէս եւ կանգուն չի մնար այն ազգը, որուն ընտանիքներուն մէջ կը տիրէ ապականութիւն, որոնցմէ հեռու է սէրը, միութիւնը, առաքինութիւնը եւ նամանաւանդ Աստուծոյ երկիւղը»։ Ցաւօք սրտի այսօր մեր երկիրը անկայուն ընտանիքներու, ամուսնական դաւաճանութիւններու եւ բաժանումներու պակաս չունի։ Այսօր վտանգուած է Հայ Ընտանիքի համակարգը, եւ կը փորձեն բազմատեսակ եղանակներով աղաւաղել աւանդական ընտանիքի եւ հայու սրբազան օճախի գաղափարը։

Սիրելիներ, ամուսնութիւնը երիտասարդական յոյզերէն եւ զգացմունքային զեղումներէն աւելին է, եւ անիկա կ՝ենթադրէ գիտակցուած ու կամաւոր յանձնառութիւն, փոխադարձ յարգանք ու հասկացողութիւն։ Երբ սիրահարութիւնը կ՝անցնի, իսկ ատիկա անխուսափելի է, առաջ կու գայ միութիւնը պահելու խնդիր։ Պէտք է լրջօրէն մօտենաք ամուսնութեան խորհուրդին, կեանքի ընկեր ընտրէք ոչ միայն զգացմունքներով, այլ նաեւ ձեզի տրուած բանականութեամբ։ Եթէ Աստուծոյ առաջ խոստացած էք մինչեւ ի մահ տէր եւ պաշտպան ըլլալ իրարու, ուստի ըրէք ամէն ինչ, որ ոչինչ խախտէ ձեր միութիւնը, եթէ չէք ուզեր զոհել ձեր ընտանիքը, երբեմն զոհեցէք ձեր շահերը։ Ջանացէք սիրահարուածութիւնը վերածել մնայուն Սիրոյ։

Ի՞նչը այսօր կը խանգարէ մեզի գործելու նոյն նախանձախնդրութեամբ։ Այսօր, երբ Մայր Հայաստանն ու Արցախը իբրեւ ծնող եւ զաւակ արհեստականօրէն բաժնուած են իրարմէ, երբ զաւակները հեռու են իրենց ծնողներէն, հարազատները իրարու ներկայութիւն վայելելու հնարաւորութենէն, Ձեր վրայ է կրկին մեր յոյսն ու հաւատը, սիրելի՛ երիտասարդներ, որ չէք կորսնցներ ձեր արժանապատւութիւնը եւ տէր կ՝ըլլաք մեր սրբազան երկրին։

Դժբախտաբար պակսած է սէրը մեր ընտանիքներուն մէջ, պակսած է սէրը նաեւ մեր մեծ ընտանիքին՝ մեր հայրենիքին մէջ, ատոր համար ալ հնարաւոր եղաւ արտաքին խառնակիչ ուժերուն բաժնել մեր ընտանիքը։ Ուստի սիրելիներ, Սուրբ Սարգիսի տօնի խորհուրդին շուրջ համախմբուած եւ քաջ գիտակցելով, որ յատկապէս մեզմէ կախուած է մեր ընտանիքին փրկութիւնը, լեցուինք սիրով, համբերութեամբ, նեղութիւնները դիմագրաւելու վճռականութեամբ, եւ պիտի տեսնենք, որ Աստուած դարձեալ պիտի օրհնէ մեր միութիւնն ու շնորհէ մեզի խաղաղ եւ բարօր կեանք»,- նշուած է շնորհաւորանքին մէջ։