Յոյս Ունինք, որ Աւստրալիոյ Դաշնային Կառավարութիւնը Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Արցախի Բնիկ Հայ Ժողովուրդին․ Աւստրալացիներու Նամակը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Աւստրալիոյ Հոլոքոսթի եւ Ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու ուսումնարանն ու Նոր Հարաւային Ուէլսի Տիեզերական ժողովը նամակով դիմած են Դաշնային կառավարութեան՝ մտահոգութիւն յայտնելով Արցախի բնիկ հայերուն դէմ ազրպէյճանի գործողութիւններուն գծով: Այս մասին կը հաղորդէ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը:

Նամակին հեղինակները Աւստրալիոյ կառավարութեան լռութիւնը «խլացուցիչ եւ անընդունելի» կը գտնեն։

«Այն ժամանակ, երբ Աւստրալիոյ պաշտպանութեան ուժերը աշխոյժ կերպով կ՝աջակցին Ուքրանիոյ, ամէնաքիչը, որուն յոյս կրնանք ունենալ մենք՝ իբրեւ աւստրալացիներ, Աւստրալիոյ դաշնային կառավարութեան հրապարակային յայտարարութիւններն են՝ յաջակցութիւն Արցախի ( Լեռնային Ղարաբաղ) բնիկ հայ ժողովուրդին, յաջակցութիւն խաղաղ բնակչութեան՝ տղամարդկանց, կանանց եւ երեխաներուն անմարդկային եւ անօրինական շրջափակումը դադրեցնելու: Հիմա է ժամանակը հրապարակային գործողութիւններու՝ իբրեւ պաշտպանութիւն Արցախի ժողովուրդին»,- նշուած է նամակին մէջ։

Իսկ Նոր Հարաւային Ուէլսի Տիեզերական ժողովի նամակին մէջ կ՝ըսուի,- «Այս անխիղճ մարտավարութիւնը, ծպտուած բնապահպան ցուցարարները կ՝ազդարարեն, որ շրջափակումը համակարգուած յարձակում է Արցախի Հանրապետութեան դէմ՝ բնակչութեան համար անդառնալի մարդկայնական հետեւանքներ ստեղծելու նպատակով, Արցախի հայերուն համար կեանքը անտանելի դարձնելու յստակ մտադրութեամբ՝ հասնելու ցեղական զտումներու՝ իրենց գրեթէ չքողարկուած նպատակին»։