Կ՝ողջունենք Արցախի Ժողովուրդին Դիմադրութիւնը, Կեցցէ՛ Արցախի Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքը․ Թուրք Իրաւապաշտպան

Աշխարհ, Հայաստան, Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար աշխոյժ պայքար մղած Ալի Էրթեմի այրին՝ Սելա Էրթեմը, բացառիկ հարցարզոյց տուած է Ermenihaber.am-ին։

Տիկին Էրթեմը կը բնակի Գերմանիա, յայտնի activist է, իրաւապաշտպան եւ մանկավարժ։ Կը ղեկավարէ «Միութիւն ընդդէմ ցեղասպանութեան» կազմակերպութիւնը։

– Լաչինի միջանցքի փակումը եւ անոր բնապահպանական պատճառաբանութիւնը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք։

–  Այս վայ բնապահպանները իրենց հրապարակած տեսանիւթով ցոյց տուած են, որ իրենք անսէր ու անխիղճ «activist-ներ» են, որոնք թշնամաբար տրամադրուած են իրական կեանքին։ Տեսնելով այն աղաւնիին դաժան ճակատագիրը, որ իբրեւ «խաղաղութեան խորհրդանիշ» ցուցարարները կը փորձէին օդ թռցնել, բայց իբրեւ արդիւնք իրենց իսկ ձեռքերուն մէջ խեղդամահ ըրին, մէկ անգամ եւս համոզեցին իրենց ստեղծած սենարին կեղծ ու շինծու ըլլալը: Իրենց կողմէ իսկ պատրաստուած տեսնաիւթը նոյնիսկ մատնեց իրենց ողջ էութիւնն ու իրական մտադրութիւնները, երբ անշնչացած աղաւնին ճախրելու փոխարէն կոյտի պէս գետին ինկաւ: Անոնք բառացիօրէն մարեցին կեանքը։

-ազրպէյճանի կողմէ Ղարաբաղի 120,000 հայութիւնը մարդկայնական աղէտի առջեւ կանգնեցնելը ի՞նչ հետեւանքներ պիտի ունենայ։

– Միամտութիւն պիտի ըլլայ ենթադրել, որ 120 հազար մարդ պիտի դողայ իր կեանքին համար: 44-օրեայ պատերազմին իր հարիւրաւոր, նոյնիսկ հազարաւոր երիտասարդներ զոհաբերած հայ ժողովուրդը եւ Ղարաբաղի բնիկ ժողովուրդը՝ արցախահայութիւնը, այս հողերը չլքեց նոյնիսկ պատերազմական իրավիճակի մէջ՝ խիզախօրեն վճռական պայքարելու որոշում կայացնելով:

Պէտք է ընդգծել հետեւեալ փաստը. Լաչինի ճանապարհին փակումը եւ այս բոլոր փորձերը Ղարաբաղի հայաթափման ծրագրեր են։ Դժբախտաբար, չկայ միասնական միջազգային դիրքորոշում, որ թոյլ պիտի տայ գործողութիւններ  ձեռնարկել՝ խափանելու այս ծրագիրը: Կրկին պետութիւնները հարցերուն կը մօտենան սեփական շահերու առաջնահերթութեամբ։ Անոնք այնքան աղմուկ կը բարձրացնեն, որքան որ իրենց շահերը չեն վնասուիր։ Այսինքն, ինչպէս հարիւր տարի առաջ, հայերը կանգնած են միաենակ մնալու վտանգին առջեւ։

– Մեկնաբանեցէք խնդրեմ թուրքիոյ յայտնած աջակցութիւնը ազրպէյճանին այս հարցով։

– Ժամանակակից աշխարհի եւ Կովկասի մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը եզակի հնարաւորութիւններ ստեղծած է քարիւղ ունեցող ազրպէյճանցի վերնախաւին համար՝ իրականացնելու իրենց հաւակնութիւնները։ ազրպէյճանը կ՝օգտուի այս հնարաւորութենէն եւ կ՝ընէ ամէն ինչ՝ իր պատմական հաւակնութիւնները կեանքի կոչելու համար:

Չափազանցութիւն չըլլայ, եթէ աւելցնենք, որ Թուրքիան նոյնպէս առաջնակարգ դեր խաղցած է այս ծրագիրին մէջ։ Թէեւ մենք դեռ չենք առերեսուած արեւմտահայութեան նկատմամբ մէկ դար առաջ իրականացուած ամօթալի երեւոյթներուն հետ, չենք կրնար թոյլ տալ, որ հիմա նման իրավիճակ ստեղծուի արեւելահայութեան հետ։ Որպէսզի նման աղէտ չկրկնուի, մեր առջեւ խնդիր դրուած է զօրաշարժի ենթարկելու ժողովրդավարական հասարակական կարծիքը, կեղծ քարոզչութեան պայմաններուն մէջ պատմական փաստերը ի մի բերելու:

– Ռուսիան եւ Արմուտքը, ըստ Ձեզի, որեւէ բան կ՝ընե՞ն այս ճգնաժամը յաղթահարելու համար։

– Ռուսիոյ շահերը եւ Եւրոպայի շահերը, որոնք այնքան կը համընկնին, որ ազրպէյճանի դէմ գործողութիւններ ձեռնարկելէն ձեռնպահ կը մնան եւ աչք կը փակեն շատ բաներու առաջ: Լաւագոյն պարագային որեւէ լաւ բան ընելու խաբկանք կը ստեղծեն՝ այդպիսով աւելի խորացնելով այս իրադարձութիւններուն պատճառած վիշտը: Ատիկա կանխելու համար անհրաժեշտ է պայքարի յաջող եղանակներ մշակել, մարդկայնական աղէտը կանխելու եւ շրջափակումը անյապաղ վերացնելու համար հասարակութեան իւրաքանչիւր մասնիկ, որ ինքզինք մարդ կը համարէ, պէտք է քայլեր ձեռնարկէ։

Պէտք է յարգել Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը: Այժմ՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան 16-րդ տարելիցին խորհրդանշական այս օրերուն եւս մէկ անգամ «բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք» ըսելուն իմաստը նաեւ խաղաղութիւնը, բարեկամութիւնը եւ արդարութիւնը պաշտպանելն է, Ղարաբաղի հայութեան զօրավիգ ըլլալն ու Հայոց նոր ցեղասպանութիւնը կանխելը: Հրա′նդ, կ՝ողջունենք Արցախի ժողովուրդին դիմադրութիւնը, կեցցէ՛ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:

Հեղինակ`   ԳԷՈՐԳ ԿԱԼԼՈՇԵԱՆ