Իմացած եմ Ապտոլլահիանի եւ Փաշինեանի Խօսակցութեան Կարեւոր Դրուագին Մասին, որ Հաստատեցին Նաեւ Իրանի ԱԳՆ-էն․ Հոխիկեան

Աշխարհ, Հայաստան

Մետիափորձագէտ Նայիրի Հոխիկեան կը գրէ․

Իրանի ԱԳ նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահիանը 2022-ի Հոկտեմբեր 20-ին պաշտօնական այցով Հայաստան կը գտնուէր եւ հանդիպում ունեցաւ նաեւ վարչապետ նիկոլ փաշինեանի հետ։

Իմացած եմ պաշտօնեաներու խօսակցութեան կարեւոր դրուագի մը մասին, որ հաստատեցին նաեւ Իրանի ԱԳՆ-էն։

Երբ Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահիանը հարցուցած է, թէ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ 2020-ին Արցախի մէջ չկռուած Հայաստանի իշխանութիւնները ձախողցուցին նաեւ 2022-ի Սեպտեմբերին Ջերմուկի, Վարդենիսի, Սիսիանի եւ միւս վայրերուն մէջ, նիկոլ փաշինեանը շատ լուրջ ու խելացի տեսք ընդունելով պատասխանած է. «ռուսերն էին մեղաւոր»։

Իրանի ԱԳ ապշահար նախարարի հարցին, թէ ի՞նչ կապ ունին ռուսերը, եթէ դուն սեփական զօրքին կրակելու հրաման չես տար, փաշինեանը նոյն լուրջ դէմքով արձագանգած է. «ռուսերը հրթիռներուն գոտերը չէին տուած, որ կրակէինք․․․»։

Այս պատասխանը իրանցի պաշտօնեաներուն մօտ անթաքոյց ծիծաղ յառաջացուցած է։ Թեհրանի մէջ մեր հանդիպումներուն ժամանակ իրանցի գործիչները կը հարցնեն՝ դուք այդքան միամիտ էք, որ կը հաւատա՞ք գոտերու մասին փաշինեանի հեքիաթներուն։

Կը պատասխանեմ՝ ես չէ, բայց հանրութիւնը, որ չի գիտեր, թէ ինչպէս կ՝աշխատի, օրինակ, հրետանին կամ Սմերչը, կը հաւատայ ամէն տեսակի բարբաջանքի։

Անկեղծ ըսած՝ իմ պետութեան անունով կ՝ամչնայի իրանցիներուն հետ զրուցելու ժամանակ։ Խօսակցութեան մէջ իրանցի պաշտօնեայ մը հետաքրքրական միտք ըսաւ․ «Գոտերու մասին բոլոր այդ խօսակցութիւնները աժանագին սուտեր են, որոնք յօրինուած են ձեր իշխանութեան դաւաճանութիւնը արդարացնելու համար։ Երբ հրթիռը կամ այլ խոշոր զէնք կը վաճառուի, անոր տնօրինման բոլոր հնարաւորութիւնները կը տրուին գնորդ երկրին։ Բացառութեամբ 1-2 զինատեսակի, որոնք կը կառավարուին արբանեակներով, մնացեալ բոլոր զէնքերը գնորդ երկրի տնօրինման տակ են։ Միակ գոտը, որ գոյութիւն ունի, հանրութեան գլխուն մէջ է, գիտակցութեան մէջ։ Փոխեցէք ձեր մտածողութեան գոտերը, պայքարեցէք երկրի ու հայրենիքի համար, ո՛չ թէ իշխանութեան կամ անձի, եւ այդ պարագային բոլոր գոտերը բաց պիտի ըլլան ձեզի համար․․․»։