Եթէ Ազրպէյճանին Հանքի Հարցով Զիջինք, Երկրորդը, Երրորդը, Չորրորդը Պիտի Ուզեն․ Արման Թաթոյեան (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան

Եթէ ազրպէյճանին հանքի հարցով զիջինք, երկրորդը, երրորդը, չորրորդը պիտի ուզեն։

Tert.am-ի տեղեկութիւններով՝ «Կիզակէտում Արկադի Գրիգորեանի հետ» հաղորդման ժամանակ, այս մասին ըսած է ՀՀ նախկին ՄԻՊ, «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեան․

«Տպաւորութիւն ունիմ, թէ 100 տարի առաջ կ՝ապրինք, լրիւ նոյն իրավիճակն է։ Եթէ Արցախի հանքերու հարցով պաքուի պահանջը կատարենք՝ անոնք կանգ չեն առներ, անընդհատ կը փորձեն նորանոր զիջումներ կորզել։

Լաչինի միջանցքի փակումը ցեղասպան քաղաքականութիւն է, ցեղական զտման փորձ։ Ի հարկէ, միջազգային հանրութիւնը մեծ գործ ունի ընելու, սակայն սխալ է իշխանութիւններուն տեսակէտը, որ Հայաստանը ընելիք չունի։ Հայաստանի իշխանութիւնները կոպիտ սխալ կ՝ընեն, երբ Արցախի ինքնորոշման փոխարէն կը խօսին իրաւունքներու եւ անվտանգութեան մասին։ Հիմքերուն հիմքը ինքնորոշումն է, որմէ պէտք է բխին ավտանգութիւնն ու իրաւունքները։

Լաչինի հարցով շատ կը շեշտադրենք մարդկայնական աղէտը, սակայն ասիկա միայն հաց ու ջուր հասցնելու հարց չէ։ Այս պարագային առաջնային կը դառնայ անջատում յանուն փրկութեան բանաձեւը, երկարաժամկէտ լուծում պէտք է, քանի որ ցեղական զտումներու քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի»,- նշած է Թաթոյեան։

Ան Արցախի համար կիրառելի համարած է միջազգային փորձով կիրառուած անվտանգութեան կամ ապահովութեան գօտիի մեքենականութիւնը։ Նախադէպը 1992 թուականի Պոսնիա-Հերցոկովինան է, երբ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին նախաձեռնութեամբ ՄԱԿ-ի ԱԽ բանաձեւերով նման գօտի ստեղծուեցաւ ցեղական զտման շեմին կանգնած 100 հազար մարդու համար։

Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ՝ տեսանիւթով․