Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւորները Արցախի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակին Գծով Դիմած են Շառլ Միշէլին եւ Ժոզէբ Պորէլին
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի հաղորդումով՝ Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներ Փեդըր Վան Տալենը, Ֆրանսուա Խաւիէր Պելամին, Լարս Փաթրիք Պերկը, Ֆրանսուա Ալֆոնսին, Ֆապիօ Մասսիմօ Գասդալտոն եւ Անտրէյ Գովաչեւը Դեկտեմբեր 14-ին հանդէս եկած են Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլին ու ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգային հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէբ Պորէլին ուղղուած նամակով։
Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորները հանգամանօրէն մատնանշած են Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհի արգելափակման իբրեւ արդիւնք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակն ու յարձակման շարունակման պարագային վերահաս աղէտալի հետեւանքները։ Պատգամաւորները նկատած են, որ 2020թ․ Նոյեմբեր 9-էն ետք ազրպէյճանցիները պարբերաբար կը փորձեն Արցախի մէջ հայ ժողովուրդին համար բարդ եւ անյուսալի պայմաններ ստեղծել, ինչպէս ռազմական սադրանքներ, հոգեբանական ահաբեկում եւ ձմրան ցուրտ պայմաններուն կազի հոսքի դադրեցում։
Խորհրդարանականները Շառլ Միշէլն ու Ժոզէբ Պորէլը յորդորած են օգտագործելու իրենց հնարաւորութիւնները՝ Եւրոպական Միութեան կողմէ յստակ քայլեր ձեռնարկելու եւ Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու համար՝ նկատելով, որ ԵՄ-ն չի կրնար արտօնել ազրպէյճանական ահաբեկչական քաղաքականութեան շարունակականութիւն։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
