ԵԽԽՎ Դիտորդները Կոչ Կ՝ընեն Վերականգնելու Լաչինի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժը
Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի համակարգման գծով չորս համազեկուցողները համատեղ յայտարարութեամբ անդրադարձած են Լաչինի մէջ ստեղծուած վիճակին։ Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը։
Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է․
«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Լաչինի միջանցքին վրայ ազատ տեղաշարժի ընդհատումով, որ զգալի դժուարութիւններ կը պատճառէ բնակչութեան։ Միջանցքի երկայնքով պէտք է շտապ վերականգնուի մարդոց եւ ապրանքներու տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը։ Մենք կոչ կ՝ընենք 2020թ․ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կողմերուն՝ անյապաղ ձեռնարկելու անհրաժեշտ միջոցներ»,- ըսած են Ազրպէյճանի գծով համազեկուցողներ Եան Լիտել-Կրէյնճըրը (Միացեալ Թագաւորութիւն, ԵՀ/ԴԱ) եւ Լիզ Քրիստոֆըրսընը (Նորվեկիա, SOC): , եւ Հայաստանի հարցով համազեկուցողներ Գիմմօ Գիլիւնենը (Ֆինլանտիա, SOC) եւ Պորիանա Ապերկը (Շուէտ, EPP/CD):
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար՝ ստեղծուած իրավիճակը եւ դիւանագիտական ջանքերը Չորեքշաբթի օրը քննարկուած են ԵԽԽՎ համակարգող յանձնաժողովին կողմէ Հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Դոյվօ Գլաարի եւ ԵԱՀԿ ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոգֆոյի հետ»,- նշած են անոնք՝ աւելցնելով․
«Մենք կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ ապահովելու անհրաժեշտ բոլոր քաղաքական աջակցութիւնը, ինչպէս՝ տարածաշրջանին մէջ փաստահաւաք առաքելութիւն իրականացնելու միջոցով»։
