
Ինչպէ՞ս Քիչ Բնակչութիւն Ունեցող Հայաստանը Կրցաւ Ազդեցութիւն Ունենալ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Վրայ․ Ազրպէյճանցի Պատգամաւոր
Ազրպէյճանցի պատգամաւոր Ֆազիլ Մուսթաֆան՝ ելոյթ ունենալով իրենց խորհրդարանէն ներս՝ տարակուսանք յայտնած է, թէ ինչպէս Ֆրանսայի Ազգային ժողովը միաձայն բանաձեւ ընդունեց Ազրպէյճանի հանդէպ պատժամիջոցներ սահմանելու մասին։ Այդ առընչութեամբ՝ ան բողոքած է եւրոպական երկիրներու մէջ ազրպէյճանական դիւանագիտական դասին։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, գրած են ազրպէյճանական լրատուամիջոցները։
«Անցեալ նստաշրջանին ժամանակ մենք մեր վերաբերմունքը յայտնեցինք 256 պատգամաւորներու ստոր որոշման հանդէպ։ Բայց մենք մոռցանք խօսելու մեր անգործութեան մասին։ Ո՞րն է մեր անգործութիւնը։ Խօսքը Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Գերմանիոյ, այլ երկիրներու մասին է։ Ինչպէ՞ս կրնայ նման բան ըլլալ, որ միաձայն բանաձեւ կ՝ընդունուի, եւ ոչ ոք կ՝աջակցի Ազրպէյճանին։ 30 տարի այնտեղ կը գործէ մեր դիւանագիտական դասը։ Մի՞թէ այդ դեսպանները այնտեղ 5-6 ծանօթ, ընկեր չունէին։ Մի՞թէ քիչ բնակչութիւն ունեցող Հայաստանը յաջողեցաւ ազդեցութիւն ունենալ։ Անհաւատալի է։ Մեր խնդիրը այն է, որ չենք կրնար լուծել մեզի առնչուող հարցերը։ Շատ յաճախ բարձրաստիճան պաշտօններ կը զբաղցնեն ոչ ճիշդ մարդիկ։ Մեր դիւանագիտական դասը պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ շփուելու այդ երկիրներուն մէջ ճիշդ անձերուն հետ, որոնք կրնան ազդել հասարակական կարծիքին վրայ։ Անոնք պարզապէս հինգ տարի կ՝անցնեն այնտեղ եւ կը վերադառնան։ Ոչ ոք կը հարցնէ՝ ինչով զբաղած էին»,- ըսած է պատգամաւորը։