Ժամանակի Արդիւնաւէտ Ծրագրաւորման Կանոններ

Այլեւայլ

Ոչ մէկուն համար գաղտնիք է, որ մեր կեանքի գլխաւոր աղբիւրը եւ որեւէ բանի չափի միակ միաւորը ժամանակն է, այդ պատճառով շատ կարեւոր է զայն ճիշդ ծրագրաւորելը:

-Ծրագրաւորման ձեւաչափի ընտրութիւն։ Ընտրեցէք տեղեկատւութեան կրիչը: Ատիկա կրնայ ըլլալ նօթագրութեան տետրակ, հեռաձայն, i Pad, որպէսզի պահէ անհրաժեշտ տեղեկատւութիւն:

-Ժամանակային սահմաններու որոշում։ Գոյութիւն ունի իրադարձութիւն եւ նպատակ: Յստակացուցէք նպատակի վրայ աշխատանքը սկսելու ժամանակային սահմանները, ժամկէտը եւ դրէք անոր համար անհրաժեշտ խնդիրները:

-Առաջնահերթութիւններու սահմանում։ Բնականաբար, անհրաժեշտ է տարանջատել գլխաւորը երկրորդականէն: Յաճախ մարդիկ իրենց ժամանակը սխալ կը ծախսեն՝ մեկնելով յստակ հանգամանքներէ, ինչպէս՝ ծուլութիւնը կամ ընդհանուր կատարուելիքին սխալ ըմբռնումը:

-Ծրագրաւորման գրագիտութիւնը։ Օրինակ դուք ունիք շարք մը հանդիպումներ: Զանոնք կարելի է դասակարգել ըստ հանդիպման տեղի եւ ժամանակի: Կամ սկիզբէն դուք կրնաք բանակցութիւններ ունենալ աւելի բարդ մարդոց հետ, իսկ այնուհետեւ աւելի ազատ գլուխով երթալ աւելի դիւրին հանդիպման:

-Պահուստային ժամանակ։ Բնականաբար միշտ չէ, որ ամէն ինչ կ՝ընթանայ ծրագրաւորուած ձեւով: Որքան ալ փորձենք այդպէս ընել, կեանքը այնպէս դասաւորուած է, որ վաղ թէ ուշ որեւէ բան կրնայ ո՛չ այնպէս ընթանալ, այդ պատճառով ունեցէք պահուստային ժամանակ:

-Սովորութիւններ։ Սորվեցէք ընել այս կամ այն գործը մեկնելով ձեր բնաւորութենէն եւ եռանդէն: Օրինակ, եթէ ձեր արտադրողականութիւնը բարձր է օրուան առաջին կիսուն, ուստի այդ ժամանակահատուածը ձգեցէք առաւել կարեւոր եւ բարդ խնդիրներու համար:

-Անհրաժեշտ հանգիստ։ Յիշեցէք, որ առաւելագոյն արդիւնաւէտութիւնը անհնար է առանց ճիշդ եւ պարտադիր հանգիստի: Իբրեւ կանոն այդ հանգիստը կը սկսի ճիշդ քնանալով ու ճիշդ ուտելով եւ կ՝աւարտի սիրելի զբաղումով: Նման հանգիստը անհրաժեշտ է ո՛չ միայն ֆիզիքական տեսանկիւնէ, այլեւ ձեր գիտակցութեան,
քանի որ շատ կարեւոր է չկորսնցնել աշխատանքի հանդէպ հետաքրքրութիւնը: Անիկա կարելի է պահպանել միայն ճիշդ եւ կանոնաւոր հանգիստի պարագային: