Վանի Մէջ Վերականգնողական Աշխատանքներ Իրականացնող Թուրքերը Շեշտը Կը Դնեն Իսլամական Կոթողներուն Վրայ (տեսանիւթ եւ լուսանկարներ)

Աշխարհ, Էրկիր

Վանայ բերդի հարաւային հատուածին վրայ, «Հինաւուրց Վան քաղաք»-ին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն ծիրէն ներս կը ծրագրուի վերականգնել յատկապէս իսլամական բնոյթի կառոյցներ։ Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net/am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» պետական լրատուական գործակալութիւնը։

Աղբիւրին համաձայն, «Անատոլու»-ն տուեալ հրապարակման մէջ թէեւ կը նշէ Վանայ բերդի ուրարտական ծագման մասին, սակայն կ՝ընդգծէ նաեւ, թէ Վանը եղած է սելճուկ թիւրքերու, ակկոյունլու ցեղերու եւ օսմանցիներու բնակավայրերէն՝ ի հարկէ միտումնաւոր շրջանցելով Վանի հին հայկական եւ հայաբնակ ըլլալու փաստը։

Կը յայտնէ, որ «Հին Վան քաղաքը վերակենդանացնելու առաջին փուլի նախագիծ»-ին ծիրէն ներս կատարուող աշխատանքներուն կ՝աջակցի Թուրքիոյ Արդիւնաբերութեան եւ ճարտարագիտութեան նախարարութիւնը։ Պեղումները կ՝իրականացուին թուրք արուեստի պատմաբաններէն եւ հնագէտներէն բաղկացած 50 հոգինոց խումբին կողմէ։

Թուրք «գիտնականները» պետութեան ուղղորդումով իրենց ուշադրութիւնը սեւեռած են յատկապէս թրքական եւ իսլամական ծագում ունեցող կառոյցներուն վրայ՝ դիտմամբ անտեսելով Վանի հին հայկական անցեալը։ Թէեւ այդ ծրագրին մէջ ներառուած է վերանորոգել նաեւ 2 եկեղեցի, այնուամենայնիւ, անհամեմատ մեծ է վերականգնել նախատեսուող իսլամական շինութիւններուն թիւը։

Այս բոլոր աշխատանքներուն նպատակը, բնականաբար, ոչ թէ Վանի մշակութային արժէքներու պահպանումն է, այլ այստեղ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելը՝ այս հինաւուրց հայկական բնօրրանը հայկական հետքերէն վերջնականապէս ջնջելով։ Թէեւ նախագիծը կ՝անուանուի «Հին Վան քաղաքը», սակայն անոր ծիրէն ներս առաւելապէս կը վերակագնուին համեմատաբար նորակառոյց շինութիւններ։

Թարգմանութիւնը կատարեց Մելինէ Անումեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը