Առաջնային Նպատակ Պէտք է Ըլլայ Ազրպէյճանական Անօրինական Զինուած Տեղակայումները Հեռացնելը․ «Թաթոյեան» Հիմնադրամ

Աշխարհ, Հայաստան

Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչները քանի մը օր առաջ ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի Սոթք, Գեղամաբակ, Վերին Շորժա եւ շարք մը այլ գիւղերու մէջ իրականացուցած են փաստահաւաք աշխատանքներ։

Արդիւնքները տակաւին կ՝ամփոփուին: Անոնք պատշաճ կերպով պիտի վերլուծուին եւ ուղարկուին միջազգային կառոյցներուն, պիտի ներկայացուին միջազգային հանդիպումներու ժամանակ, պիտի դառնան հասանելի ՀՀ Կառավարութեան եւ Խորհրդարանին կողմէ օգտագործման համար։

Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամի դիրքորոշումով՝ առաջնային նպատակ պէտք է ըլլայ ազրպէյճանական անօրինական զինուած տեղակայումները հեռացնելը ո՛չ միայն Հայաստանի գրաւուած տարաքներէն, այլ նաեւ 2020 թուականի պատերազմէն ետք մեր գիւղերու եւ ճանապարհներու մօտ գտնուող բոլոր վայրերէն։

Ատիկա հրատապ անհրաժեշտութիւն է` սահմանային բնակավայրերու մէջ մարդոց բնականոն կեանքը, անոնց իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը վերականգնելու համար: