Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեամբ Շահագրգիռ Բոլոր Կառոյցներէն եւ Անհատներէն Կ՝ակնկալենք Համարձակութիւն՝ Տեսնելու, Արձանագրելու եւ Հակազդելու Ազրպէյճանական Յանցաւոր Գործողութիւններուն

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան տարածած է յայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի․

«Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան խոստումներ տուող Ազրպէյճանը արդէն 30 տարի է իր սպառնալիքներով փակ կը պահէ Ստեփանակերտի օդակայանը՝ զրկելով Արցախի ժողովուրդը՝ ազատ տեղաշարժի իրաւունքի իրացման այս կարեւորագոյն հնարաւորութենէն։

2012-ին, երբ վերանորոգումէն ետք շահագործման յանձնուած է Ստեփանակերտի օդակայանը, Պաքուի իշխանութիւնները ուղիղ յայտարարած են, որ պիտի ոչնչացնեն դէպի Ստեփանակերտ թռչող քաղաքացիական օդանաւերը։

Քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու թիրախաւորման այն դէպքերը, որոնց ականատես եղանք 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին, յստակ ցուցիչ էին, որ ազրպէյճանական ղեկավարութիւնը պատրաստ եւ ունակ է դիմելու ռազմական ցանկացած բնոյթի յանցագործութեան, ընդհուպ նաեւ քաղաքացիական օդանաւերու թիրախաւորման։

Ստեփանակերտի օդակայանը կառուցուած է 1974 թուականին՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի՝ Հայաստանի հետ օդային հաղորդակցութեան հնարաւորութիւն ստեղծելու բազմաթիւ պահանջներէն ետք։ Կը գործէր Ստեփանակերտ-Երեւան եւ Ստեփանակերտ-Պաքու եւ հակառակ ուղղութիւնները։

Այնուամենայնիւ, ի հեճուկս առկայ պահանջարկին, Խորհրդային Ազրպէյճանի իշխանութիւնները սահմանած էին խիստ սահմանափակ քանակի թռիչքներ դէպի Երեւան։ Տարբեր աղբիւրներ կը վկայեն, որ արցախեան շարժման զուգահեռ Ազրպէյճանը սկսած էր օդակայանը փակելու գործողութիւններ ձեռնարկելու։ Ատիկա կը կատարուէր հարեւան Իւանեան համայնքին մէջ լայնածաւալ շինարարութեան միջոցով․ թռիչքուղիի ուղիղ հարեւանութեամբ կը կառուցուէին բնակելի տուներ՝ խոչընդոտելու օդակայանին աշխատանքները եւ անիկա վերջնականապէս դադրեցնելու համար։ Քաղաքացիական փոխադրումները Ստեփանակերտի օդակայանէն դադրեցան իրականացուիլ 1992 թուականէն՝ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին դէմ սանձազերծած պատերազմին հետեւանքով։

Աշխարհի վրայ ամէն օր մօտաւոր 100,000 քաղաքացիական թռիչք կ՝իրականացուի՝ մարդոց տեղափոխելով մէկ վայրէն միւսը, սակայն, այդ թռիչքներէն որեւէ մէկը չի հասնիր Ստեփանակերտ։

Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ վարուող խտրական ու ատելութեան քաղաքականութիւնը արտայայտուած է եւ կ՝արտայայտուի Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած ցանկացած գործողութեան մէջ։ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ շահագրգիռ բոլոր կառոյցներէն եւ անհատներէն կ՝ակնկալենք համարձակութիւն՝ տեսնելու, արձանագրելու եւ հակազդելու ազրպէյճանական յանցաւոր գործողութիւններուն»։