Պռոշեան Գիւղին Մէջ Տեղադրուած է Զապէլ Եսայեանի Արձանը

Հայաստան

Պռոշեան գիւղի Զապէլ Եսայեան Ագրոբիզնես (գիւղատնտեսական) կեդրոնի (ZYAC) տարածքին մէջ, Հոկտեմբեր 9-ին, բացուած է հայ նշանաւոր գրող, արձակագիր, թարգմանիչ, հրապարակախօս, գրականագէտ Զապէլ Եսայեանի արձանը։ Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը:

«Անվախ Զապէլ» յուշարձանի քանդակագործն է Նունէ Թումանեան, նախագիծը իրականացուցած է Armenian Artists Project բարեգործական առցանց պատկերասրահը՝ սփիւռքահայեր Վիքթոր Զարուկեանի եւ Ճուտի Սարեանի նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ։

Վիքթոր Զարուկեան եւ Ճուտի Սարեան մշտապէս աջակցած են Հայաստանին՝ տարբեր ծրագրերու ծիրէն ներս։ Վերջին տարիներուն անոնք ունեցած են միաժամանակ երկու հիմնական նպատակ՝ նպաստել Հայաստանի մէջ կայուն գիւղատնտեսութեան եւ աջակցիլ հայ արուեստին։ Այդ իսկ նպատակով, մօտ մէկ տարի առաջ անոնք դիմած են Armenian Artists Project բարեգործական առցանց պատկերասրահին, նուիրատւութիւն կատարած եւ ընտրած քանդակագործ Նունէ Թումանեանը՝ ստեղծելու խիզախ հայ կնոջ՝ Զապէլ Եսայեանի արձանը։

Armenian Artists Project -ը բարեգործական նախագիծ է, որ կ՝օգնէ Հայաստանի մէջ բնակող հայ արուեստագէտներուն հասնելու միջազգային հարթակ, իսկ վաճառքէն ստացած շահոյթը կ՝ուղղէ տարբեր բարեգործական նպատակներու իրականացման։

Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին քանդակագործ Նունէ Թումանեան ըսած է, որ արձանը պրոնզաձոյլ է, կամուրջի հետ 2,5 մ բարձրութիւն ունի: Արձանին ստեղծումը տեւած է մէկ տարի եւ երեք ամիս, որմէ երեք ամիսը Զապէլ Եսայեանի մասին նիւթերու ուսունասիրութեան ամիսներն էին:

«Մինչեւ կերպարի ստեղծման անցնիլը, ուսումնասիրած եմ բոլոր մատչելի նիւթերը, կարդացած իր ինքնակենսագրական «Սիլիհտարի պարտէզները» գիրքը: Կերպարը անչափ հետաքրքրական էր իր միշտ պայքարող, անարդարութիւն չհանդուրժող տեսակով»,- նշած է արուեստագէտը։

Լուսանկարները՝ Նունէ Թումանեանի Facebook-ի էջէն