Մի՞թէ Մեր Զաւակներուն Արեամբ Սրբացած Հողը Ապրանք է, Որ Կարենանք Վաճառքի Հանել… Արցախի Թեմի Առաջնորդ

Uncategorized

Արցախի Թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան ներկայ կացութեան առիթով հանդէս եկած է կոչով.  

«Սիրո՛վ ծառայեցէք միմեանց»

(Գաղ 5:13)

Սիրելի Հայրենակիցներ,

Աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ այս օրերուն բոլորիս մտածումները եւ անհանգստութիւնները բնականօրէն կեդրոնացած են աշխարհի ալեկոծ ծովուն մէջ նաւարկող փոքր նաւու մը եւ անոր մակոյկին վրայ։ Հայաստան եւ Արցախ՝ ահա այդ նան ու անոր փրկութեան մակոյկը։

Ինչ ընել եւ ինչպէ՞ս ընել, որ մենք կուլ չերթանք անընդհատ մեզ խորտակել փորձող ալիքներուն։ Ժամանակին մեր Նաւը հզօր էր եւ մեծ, որովհետեւ ունէր հզօր նաւապետեր եւ միակամ ուղեւորներ, բայց դարերու ընթացքին սկսան յայտնուիլ բազում նաւապետեր, որոնք առանձին նաւակներ կառուցելով մասերու բաժնեցին նաւի ուղեւորները, եւ քանի որ առանձին էին ու փոքր, սկսան վաղ թէ ուշ խորտակուիլ։ Այն ուղևորները, որոնք կենդանի մնացած էին տարբեր նաւակներու կործանումէն ետք՝ յիշեցին իրենց երբեմնի մեծ նաւակին հզօրութիւնը եւ Աստուծոյ օգնութեամբ կառուցեցին նոր նաւ մը` Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ իր փրկութեան մակոյկ Արցախով։ Բայց միեւնոյնն է` ծովը եւ ալեկոծութիւնները միշտ ալ կան ու պիտի ըլլան։

Ուստի մեր գլխաւոր մտածումը մէկն է. Ինչ պէտք է ընենք, որ չկրկնենք մեր պատմական սխալները եւ մասերու չբաժնենք արդէն իսկ փոքրացած հայոց նաւը։ Այսօր թշնամին կը փորձէ վերջնական կերպով խլել մեր փրկութեան մակոյկը` Արցախը, եւ յետոյ մասնատել բուն նաւը։

Ի՞նչ ընենք, երբ այնտեղէն, ուրկէ կը սպասէինք գտնել պաշտպանութիւն, օգնութիւն եւ հոգատարութիւն, կը գտնենք կսկիծ եւ փորձութիւններ։

Իրականութեան մէջ այս ամէնը կ՝ըլլայ, որպէսզի ոեւէ մէկը երբեք չապաւինի մարդկոց եւ միշտ յիշէ Սուրբ Գիրքի խօսքը. «Յոյս մի՛ դնէք իշխաններու` մարդոց որդիներու վրայ, որովհետեւ անոնցմէ փրկութիւն չկայ» (Սաղ. 145:3)

Սիրելիներ, այսօր մեր ազգը կանգնած է այնպիսի դժուարին փորձութեան առջեւ, երբ դրուած է մեր ըլլալ – չըլլալու, մեր ազգային արժանապատւութեան կորուստի հարցը։ Մեր մէջ այնքան խոր կերպով արմատակալած է անտարբերութեան կործանարար մեղքը, որ մեր երկրի մասնատումը ցաւ կը պատճառէ միայն այդ մասի բնակիչներուն եւ խումբ մը հայրենասէր ու գիտակից մարդոց։

Մեծ հաշուով այնքան բթացած ենք, որ պատրաստ ենք նոյնիսկ այնքան սուղ գինով ազատագրուած Արցախը սկուտեղի վրայ մատուցել թշնամիին` ի գին մեր «խաղաղ եւ ապահով» կեանքի։

Մի՞թէ այս է հայը, մի՞թէ վերջնականապէս կորսնցուցած ենք մեր արժանապատութիւնը, մի՞թէ մեր զաւակներուն արեամբ սրբացած հողը ապրանք է, որ կրնանք վաճառքի հանել….

Սիրելի Հայրենակիցներ, մենք պէտք է սթափինք` ամենաբարձր պաշտօնիայէն մինչեւ ռամիկ շինական եւ տէր կանգնինք մեր երկրին։ Հաւատացէ՛ք, ինչպիսի փորձութիւններ ալ ըլլան, անոնք անզօր են մեզի կործանելու, եթէ մենք Աստուծոյ խօսքին համաձայն սիրով ծառայենք միմեանց (հմմ։ Գաղ. 5:13), այդ ժամանակ Աստուած պիտի ըլլայ մեր բարի Նաւապետը, իսկ եթէ Աստուած մեր հետ է, ով կրնայ ըլլալ մեզի հակառակ (հմմ։ Հռոմ. 8:31)։