
Ազրպէյճանի ԶՈւ Այսօր Ընդլայնած Են Հրետակոծութեան Աշխարհագրութիւնը․ Արման Թաթոյեան
Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան, որ աշխոյժ կերպով կ՝արձանագրէ ու կը բարձրաձայնէ Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններուն մասին, կը գրէ.
«Նոր փաստերը կը հաստատեն, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը այսօր ընդլայնած են հրետակոծութեան աշխարհագրութիւնը եւ պատերազմական յանցանքները Հայաստանի քաղաքացիական բնակավայրերուն ուղղութեամբ:
Գեղարքունիքի մէջ Սոթքէն, Վերին Շորժայէն, Նորաբակէն եւ Կութէն բացի, աւելցած են նաեւ Ազատ, Այրք, Տրետուք, Կուտական գիւղերուն ուղղութիւնները:
Թիրախաւորած են բնակիչներուն պատկանող տուները, անասնագոմերը, վնասած են մեքենաներ կամ ոչնչացուցած են Սոթքի, Նորաբակի, Կուտականի, Կութի, Այրքի մէջ:
Ազրպէյճանական զինուած ուժերը կանխամտածուած զգալի վնասներ պատճառած են յատկապէս այն բնակիչներուն, որոնք ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները եւ հրետակոծութիւններու տակ ձգել իրենց կենդանիները: Ասիկա մարդոց պիտի կանգնեցնէ հասարակական լուրջ խնդիրներու առջեւ` զրկելով ապրուստէ ու ընտանիքի եկամուտը վաստակելու հնարաւորութենէ»։