Բռնութեան Դէմ Կանգնելու Համար՝ Վերականգնե՛լ Ազգի Քաղաքական Միտքը (Յ․ Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ին՞չ է  անկարելին: Ան կարելիին սաղմն է: Բնութիւնը կ’ընէ յղութիւնը եւ հանճարները՝ ծնունդը»:

Վիքթոր Հիւկօ,

Ֆրանսացի բանաստեղծ, ԺԹ դար

            Եթէ իրատես ըլլանք, պիտի հաստատենք, որ հայ քաղաքական միտքը կորսնցուցած է  զինք հիմնաւորող եւ իմաստաւորող ծագման, մշակոյթի եւ, բնավայրի, նախահահայրերու հողի, որ հայրենիք է,   էականութիւնները:

            ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆ եզրը այլեւս բացակայ է, կարծէք չէ եղած, չկայ ներսի եւ դուրսի քաղաքական ճառի մէջ: ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆ եզրը անհետացած է, փոխարինուած է անորոշ եւ միգամածային ՍՓԻՒՌՔ եզրով:

            ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆը քաղաքական ըմբռնում էր,կ’ենթադրէր  ժողովուրդ հայրենիք, տարածք, գոյութենական ճանաչում էր, բնակչութիւն՝ որ ազգ էր, կազմակերպութիւն, ղեկավարում, իսկ Սփիւռքը սոսկ ընկերային երեւոյթ է, պետական եւ ազգային հասկացութիւն չէ, առաւել կամ նուազ թաղային, համայնքային սահմանում է: Որքան ալ չուզենք խոստովանիլ, այդպէս ալ կը գործէ եւ կը տեւէ:

            Հայ քաղաքական միտքը բթացաւ երբ Արեւմտահայատանի հարցը դադրեցաւ քաղաքական առաջադրանք ըլլալէ, Արեւմտահայութիւնը դարձաւ անորոշ սահմաններով եւ դիմագիծով հաւաքականութիւն, անհետացաւ քաղաքական բեմէ: Հայ քաղաքական միտքը ինքզինք սահմանափակեց ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ մէջ, կծկուեցաւ եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆը չունեցաւ որպէս հորիզոն, ինչ որ պատմութեան ժառանգութեան իրաւունքի լքում է: Հանրապետութիւնը դարձաւ միակ նպատակ եւ մոռցուեցաւ Արեւմտահայաստանը, որ Հայաստան-հայրենիք էր: Հոն թաւալած էր հայուն պատմութիւնը, գիրքերը եւ աւերակները կը վկայեն:

            Նոյնիսկ օսմանեան տիրապետութեան տակ, Արեւմտահայութիւնը որպէս իր հողին վրայ ապրող ժողովուրդ, ճանաչում ունէր, իրաւունքներ ունէր, միլլէթ էր: Այսօր, Արեւմտահայութիւնը, հայրե-նահանուածներու սփիւռք դարձած, Հայաստան պետութեան մէջ իրա-ւական եւ իրաւասու ներկայութիւն չէ եւ իր բռնագրաւուած հայրենիքը ոչ մէկ տեղ եւ ոչ մէկ ձեւով օրակարգ է:

Հանրապետութիւնը փոխարինեց միացեալ ազգ-հայրենիքը, եւ այսօր ոչ ոք կը բողոքէ, երբ Հանրապետութեան իշխանութիւնը կը յայտարարէ, որ հարեւաններէն ոչ մէկ հողային պահանջ ունի: Այսինքն Արեւմտահայաստանը որպէս ցեղասպանուած եւ հայրենահանուած ժողովուրդի հայրենիք՝ քաղաքական օրակարգ չէ, քանի որ ներ-խուժած հարեւաններ զինու զօրութեամբ, խախտելով օրէնք եւ պատմութիւն, տէր դարձած են անոր: Հանրապետութեան համար այսպէս է բիրտ եւ մերկ իրականութիւնը: Եզրակացութիւնը այն է, որ Հանրապետութիւն-Հայաստանը ամենայն հայոց հայրենիքի հեռանկար չունի, չի գործեր որպէս այդպիսին:

Եւ Ազգ-Արեւմտահայութիւնը վտարանդի ժողովուրդ է եւ իր նուաճուած-բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրութեան քաղաքական օրակարգը ինք պիտի հետապնդէ:

            Լեհ մտաւորական եւ գրող Բոգդան Գեմպարսքի, 1935-էն սկսեալ խօսած է հայկական հարցի մասին, գրած է նամակներ, զարգացնելով այն միտքը, որ Արեւմտահայութիւնը ինքնուրոյն ժողովուրդ է եւ անոր քաղաքական հարցին լուծում կայ: Կ’ընէ ուշագրաւ հաստատում մը. արեւելահայերը եւ արեւմտահայերը սերած են նոյն արմատներէն, բայց տարբեր ժողովուրդներ են: Արդարեւ երկուքի հայրենիքները եւ լեզուները տարբեր են, նոյնիսկ եթէ այս ըսել ոմանց հրաժարածի ուղղափառութիւնը կը վիրաւորէ:

            Երբ ըսուած է Հայկական Հարց, ան միշտ հասկցուած է որպէս Արեւմտահայաստանի հարց:

            Հակառակ պատմութեան զիկզակներուն, Արեւմտահայաստանը իր նահանգներով ճանչցուած է որպէս հայկական: Դաշնագիր կայ Միջազգային որոշումով գծուած սահմաններ կան: Բնական ընթացքը պիտի ըլլար այն, որ հայկական պետութիւնը, իր ճանաչման ընձեռած իրաւունքներով, հետապնդէր միջազգային որոշումներու գործադրութիւնը: Եթէ այդ չ’ըներ, չ’ուզէր կամ չի կրնար ընել, այդ չի նշանակեր, որ Արեւմտահայ ժողովուրդը պիտի հրաժարի իր հայրենիք ունենալու իրաւունքէն: Այս արեւմտահայ ժողովուրդի քաղաքական միտքի առանցքը պէտք է ըլլայ առանց բանտարկուած մնալու զգացական հայրենասիրութեան մէջ, որ ոչինչ ունի որպէս ազգային-քաղաքական հեռանկար:

            Արեւմտահայասանի որպէս հայրենահանուած ժողովուրդի հայրենիք վերականգնումը ինչո՞ւ օրակարգ պիտի չըլլայ նախ մեզի համար, եւ ապա դաշնագիրներ ստորագրած եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնած աշխարհի համար:

            Ի՞նչ պէտք է ընել, Արեւմտահայութեան հայրենիք ունենալու իրաւունքը վերականգնելու համար: Այսօր Արեւմտահայութիւնը ոչ ոքի համար խօսակից է: Արեւմտահայայաստանի հարցը որպէս այդպիսին քաղաքականացնելու համար, Արեւմտահայութիւնը տեսանելի ներկայացուցչութիւն  մը կեանքի պէտք է կոչէ, հրապարակ գալով քա-ղաքական առաջադրանքներով, հիմնովին տարբեր սփիւռքի գոյա-պահպանական առօրեական աշխատանքներէն:

Անցեալին այս այս մասին գրած եմ: Գոյութիւն ունի  ՄԱԿ-ի մէջ ներկայացուցչութիւն չունեցող ժողովուրդներու կազմակերպութիւն մը, UNPO, Unrepresented Nations and Peoples Organization կամ UNPO, որուն անդամ են բազմաթիւ ժողովուրդներ, որ Պրիւքսէլի մէջ ունի հասցէ: Ինչո՞ւ չանդամակցիլ այս կազմակերպութեան, եւ ունենալ ճանչցուելու համար, թէեւ պզտիկ, բայց-բաց պատուհան մը:

            Ինչո՞ւ չցուցակագրել Արեւմտահայերը, զանոնք ներկայացնելով որպէս իրաւատէր, զանոնք կազմակերպել որպէս աքսորական ազգ, ի հարկին անոնց համար պահանջելով եւ սահմանելով աքսորական-տեղահանուած քաղաքացիի ինքնութեան իրաւունք, անոնց կողմէ  լիազօրուած ներկայացուցչութիւն, տեսակ մը կառավարութիւն, ցուցակագրուածներու անունով, հարիւրհազարաւորներ, կամ միլիոններ, որ կը ներկայանայ որպէս հայրենիքի տէր եւ պահանջատէր, կը ներկայանայ զանազան ատեաններու, օրէնքներով նախատեսուած իրաւունքներով:

            Այսինքն Արեւմտահայաստան եւ Արեւմտահայութիւն անորոշութիւններուն կը տրուի ոգի եւ մարմին, որոն ցանունով այսօր խօսելու բարոյական իրաւունքը, վաղը՝ քաղաքական եւ իրաւական, չի սեփականացուիր ուրիշներու կողմէ:

            Այսօր քաղաքական հրամայական պէտք է ըլլայ գերանցումը ինքզինք տնտեսավարել փորձող սփիւռք(ներ)ի եւ ազգի բովանդակութիւն տալ Արեւմտահահայաստան եւ Արեւմտահայութիւն ըմբռնումներուն, որոնք հետեւանք են միջազգային քաղաքականութեան մարդկային բարոյականութեա:

            Հայ քաղաղաքական միտքը կ’ունենա՞յ բաւարար ազգային-քաղաքական իմաստութիւն եւ յանդգնութիւն, ազգի եւ հայրենիքի հասկացութիւնները զգացականութենէ եւ պարտուածի հաշտուողականութենէ փոխադրելու համար ազգային-քաղաքական դաշտ, դիակնացումը մերժելով, Արեւմտահայաստան եւ Արեւմտահայութիւն ըմբռնումները կանգնեցնել ոտքի:

            Ոչինչ անկարելի է: Յանդգնութեամբ պէտք է առնել առաջին քայլը: Արեւմտահայութիւնը ինք ոտքի պիտի կանգնի, պիտի ուզէ ոտքի կանգնիլ, իր ճակատագրին եւ ժառանգութեան տէր ըլլալու համար: Չըսել մանաւանդ՝ որ ուշ է: Պատմութիւնը օրով չի գրուիր, այլ՝ դարերով եւ գիտակից եւ յանձնառու մարդոցմով:

Արեւմտահայ ժողովուրդը պէտք է ցուցաբերէ հաստատակամութիւն եւ կամք, որ ինք տէր է եւ տէր կը մնայ Արեւմտահայաստանի եւ բռնագրաւող ուժերէն կը պահանջէ իր անկորնչելի իրաւունք հայրենիքի վերադարձը:

            Պահ մը մտածենք կայսերական ուժի դէմ դրած Վիքթոր Հիւկոյի հետ, պայքարը չսկսած զէնքերը վար  չդնենք, այն ատեն կ’առնենք առաջին քայլը, հասնելու համար իրաւունքի, նպատակի իրագործման: Այսինքն՝ չնստիլ եւ չաւաղել: Առաջնորդուիլ Վիքթոր Հիւկոյի իմաստութեամբ: Ան ըսած է. «Ին՞չ է  անկարելին: Ան կարելիին սաղմն է: Բնութիւնը կ’ընէ յղութիւնը եւ հանճարները՝ ծնունդը: Մեր ժողովուրդի պարագային՝ տեսիլք ունեցող առաջնորդը, ինչպէս եղած են ֆրանսացի տը Կոլը, հնդիկ Կանտին, Հարաւային Ափրիկէի Մանտելան:

            Անոնք ունեցան զիրենք լսող ժողովուրդ…

            Մտածել այն մասին նաեւ, որ ի՞նչ կրնայ ըլլալ Հանրա-պետութեան հոլովոյթը առանց Արեւմտահայաստանի եւ առանց հա-մայն ազգի ներուժի միացման եւ ներդրման, պատկերացում՝ որմէ շատ հեռու ենք: Այս կամ այն երկրի ենթակայ կիսանկախ կամ ինքնավար նահա՞նգ մը: Երբեմն խօսուեցաւ վիլայէթի մասին…

            Անկարելի ՞ է ոչ-ջոջական ( համահայկական-համասփիւռքեան փքած անունով ժողովներու փոխարէն կազմել պատմաբաններու, իրաւագագէտներու եւ քաղաքագէտներու խորհուրդ մը, որպէսզի մտածուի Ազգի, Հանրապետութեան, Արեւմտահայութեան եւ Արեւմտահահայաստանի մասին. ընելիք կա՞յ, ընելիք ունի՞նք, թէ՞ պիտի ըսենք, որ պատմութիւնը փակած է իր օղակը,  եւ Հայաստան  եւ Հայ եւ Ազգ գիտաշխատողներու համար են, կրնան գիրք գրել, տիտ-ղոսներ ունենալ, շրջիլ աշխարհով մէկ:

            Յետոյ ի՞նչ:

            Կրկնել Վիքթոր Հիւկոյի հետ եւ հետեւութեամբ. «Ին՞չ է  անկարելին: Ան կարելիին սաղմն է: Բնութիւնը կ’ընէ յղութիւնը եւ հանճարները՝ ծնունդը: Մեր պարագային՝ հաւատաւոր պայքարողները:

Այսօ՛ր պէտք է խօսիլ եւ գործել նայելով անմիջականութիւններէ եւ դատարկ մեծխօսիկ տեղ չտանող ռազմավարական վելուծումներէ անդին, բանգիտական մանրուքները մոռնալով:

            Եթէ Արեւմտհահայասատանը առաջնահերթ քաղաքական օրակարգ չդառնայ, ՍՓԻՒՌՔ ԴԱՐՁԱԾ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ կը կորսընցնէ իր գոյութենական իմաստը, կը տեւեն թերեւս լաւ ապրող ծագումով հայ հաւաքականութիւններ: Այս իր անունը չըսող ԱՂԷՏին մէջ դեր կ’ունենայ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆը, երբ կը յայտարարէ, որ հարեւաններէն հողային պահանջ չունի, որ կը թարգամանուի՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԸ քաղաքական օրակարգ չէ:

            Իսկ ի՞նչ կ’ըլլայ վերջնական հանգրուանը արեւմտահայ ժողո-վուրդին…

            Քաղաքական ընտրանքները եւ պատասխանատուութիւնները պէտք է ճշդել առանց սեթեւեթի եւ ճապկումներու:

            Ոչ ոք իրաւունք պիտի ունենայ արդարանալու եւ ըսելու՝ չէինք գիտեր, չէին ըսած: