
Արցախի Բնակիչները Ֆիզիքապէս Չեն Կրնար Գոյատեւել Ազրպէյճանի Խնամակալութեան Տակ. Արցախի ՀԿ-ներու Յայտարարութիւնը
Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան) բռնի տեղահանուած քաղաքացիներու հասարակական կազմակերպութիւնները կ՝ողջունեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի աշխատանքին վերսկսումը։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է.
«Մենք՝ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերուն կողմէ մեր բնակութեան վայրերու գրաւման հետեւանքով բռնի տեղահանուած և Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի Հանրապետութեան այլ շրջաններու մէջ ապաստան գտած բնակիչներս, կ՝ողջունենք ամերիկացի նոր համանախագահ Ֆիլիբ Ռիգըրի նշանակումը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի աշխատանքին վերսկսումը։
2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին ահաբեկչական վարձկաններու կիրառումով Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծած յարձակման իբրեւ արդիւնք մենք՝ Արցախի Հանրապետութեան բնակիչներս (նաեւ նախկին ԼՂԻՄ-ի բնակիչներս) կորսնցուցինք մեր տուները, ունեցուածքը, պատմական եւ հոգեւոր արժէքները, եւ մեր հարազատներու շիրիմները այցելելու հնարաւորութիւնը։
Յոյսով ենք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը՝ հաշուի առնելով Արցախի Հանրապետութեան բնակիչներուն կարծիքը, այն է՝ մեր օրինական ինքնորոշման իրաւունքը, որ արտայայտուած է մեր կողմէ 1988 թուականին եւ հաստատուած այդ իրաւունքի իրականացման համար մեր 32 տարուան պայքարով։
Ցեղական խտրականութեան քաղաքականութիւնը, հայատեացութիւնը եւ Ազրպէյճանի ներկայ քաղաքականութիւնը՝ ուղղուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքի հայերէ ցեղական զտման, խաղաղ բնակչութեան դաժան սպանութիւնները, խաղաղ բնակչութեան դէմ զղնքի արգիլուած տեսակներու կիրառումը եւ Լաչինի մարդասիրական միջանցքի գրաւման ու Բերձոր քաղաքի, Աղաւնօ եւ Ներքին Սուս գիւղերու բնակիչներու բռնի տեղահանման հետ կապուած վերջին իրադարձութիւնները կը վկայեն այն մասին, որ Արցախի Հանրապետութեան բնակիչները ֆիզիքապէս չեն կրնար գոյատեւել Ազրպէյճանի խնամակալութեան տակ։
Նոյնի մասին կը զգուշացնէ նաեւ Լեմգինի Ցեղասպանութեան կանխարգելման ուսումնարանը, որ երկրորդ նախազգուշացումը ուղարկած է Ազրպէյճանին (lemkininstitute.com)՝ դատապարտելով ատելութեան խօսքը, սպառնալիքներն ու վայրագութիւնները, որոնք կը քարոզուին Ազրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով հայերու եւ հայկական ինքնութեան դէմ։
Մենք յոյսով կը սպասենք Արցախի Հանրապետութեան հիմնախնդրի արդարացի երկարաժամկէտ լուծում՝ միջազգային խորհրդաժողովներու հիման վրայ անոր բնակիչներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ծիրէն ներս։
«Վերադարձ դէպի Դիզակ» ՀԿ
«Յանուն Հադրութի» ՀԿ
«Հադրութի օկուպացիա» ՀԿ
«Վերադարձ Քաշաթաղ» ՀԿ
«Վերադարձ Քարվաճառ» ՀԿ
«Կռունկ» ՀԿ
«Շուշիի բռնի տեղահանուածների» ՀԿ»