Ո՞ւր են Համանախագահող Երկիրներու Իրական Քայլերը Մարդոց Կեանքերը Փրկելու. Արցախի Ժողովուրդը Դարձեալ Միայնակ է. Գեղամ Ստեփանեան

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի մէջ խաղաղութիւն պատշաճ կերպով չէ հաստատուած, իսկ ազրպէյճանական կողմը չի կատարեր յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ ամենատարբեր առիթներ օգտագործելով ուժի կիրառմամբ այս կամ այն հարցերուն շուրջ զիջումներ պարտադրելով։ Այս մասին այսօր՝ Օգոստոս 3-ին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ԱՀ ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեան։

«2022թ. Օգոստոս 1-էն Արցախի Հանրապետութեան տարբեր ուղղութիւններով ազրպէյճանական կողմը վարած է յարձակողական ռազմական գործողութիւններ՝ կիրառելով տարբեր տրամաչափի զինատեսակներ, նռնականետեր, հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր։

Այս ամէնը կը կատարուի այն պարագային, երբ 2020 թուական Նոյեմբերէն կողմերուն համաձայնութեամբ հաստատուած է հրադադար եւ Արցախի մէջ տեղակայուած են ռուսական խաղաղապահ ուժեր՝ Արցախի ժողովուրդի խաղաղութիւնը ապահովելու համար։

Ասիկա կը խօսի այն մասին, որ խաղաղութիւն Արցախի մէջ պատշաճ կերպով չէ հաստատուած, իսկ ազրպէյճանական կողմը չի կատարեր յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ ամենատարբեր առիթներ օգտագործելով ուժի կիրառմամբ այս կամ այն հարցերու շուրջ զիջումներ պարտադրելով։

Ազրպէյճանը իր ցանկացած պահանջը կը զուգորդէ ուժի կիրառմամբ կամ ուժի կիրառման սպառնալիքով՝ կոպտօրէն խախտելով միջազգային իրաւունքի հիմնարար դրոյթները։

Տարբեր հարցերու վերաբերեալ տարուող բանակցութիւններու ընթացքին հայկական կողմը ստիպուած կ՝ըլլայ զիջումներու դիմելու, որուն հետեւանքով կոպտագոյն ձեւով կը խախտուին մարդոց ամենատարրական իրաւունքները՝ ընդհուպ կեանքի իրաւունքը։ Ռուսական խաղաղապահներու չյստակեցուած իրաւագիրի եւ խիստ սահմանափակ թուակազմին պատճառով փխրուն ու յարաբերական խաղաղութիւնը պարբերաբար կը վտանգուի։ Իսկ Արցախի ժողովուրդը, իր իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, դարձեալ կը պայքարի միայնակ։

Միջազգային տարբեր դերակատարներու կողմէ պարբերաբար կը հնչեն խաղաղութեան հաստատման աջակցող յայտարարութիւններ։ Ո՞ւր է այդ աջակցութիւնը։ Ո՞ւր են համանախագահող երկիրներու իրական քայլերը տեղւոյն վրայ մարդոց իրաւունքները պաշտպանելու, մարդոց կեանքերը փրկելու, մարդոց խաղաղ կենսագործունէութիւնը ապահովելու հարցով։ Ո՞ւր են ՄԱԿ-ի, ԵԽ-ի կամ ԵԱՀԿ-ի գործողութիւնները։ Թէ՞ ամէն ինչ ուղղակի սին խօսքերու մակարդակի վրայ է։

Աշխարհի այլ կէտերու վրայ տեղի ունեցող հակամարտութիւններուն վերաբերեալ միջազգային լրատուամիջոցները մէկ վայրկեան անգամ չեն լռեր, միջազգային կազմակերպութիւնները հանդէս կու գան յայտարարութիւններով, աննկարագրելի ծաւալներու աջակցութիւն կը ցուցաբերեն, իսկ Արցախի ժողովուրդը, որ տասնեակ տարիներով ուղղակի կը պայքարի ազրպէյճանական բռնապետութեան դէմ, կ՝անտեսեն։

Միջազգային կառոյցներու յարգելի՛ գործընկերներ, ձեր անհետեւողականութեան, հակամարտութիւնը փորձագիտական դաշտի վրայ քննարկելէ այն կողմ չանցնող գործողութիւններու հետեւանքով Ազրպէյճանը իրեն անպատժելի կը զգայ ու կը դիմէ ամենատարբեր լկտիութիւններու։

Մի՞թէ կարելի է այսքան բացայայտ երկակի չափանիշներով առաջնորդուիլ, մի՞թէ կարելի է քաղաքական շահերէն կուրանալ ու անտեսել մարդոց ու անոնց իրաւունքները»,- նշուած է անոր յայտարարութեան մէջ։