Գանատան Հարաւային Կովկասի Մէջ Իր Առաջին Դեսպանատունը Հայաստանի Մէջ Կը Բանայ
Հայ-գանատական միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման էապէս նպաստելը մշտապէս եղած է Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբի քաղաքական առաջնահերթութիւններէն մէկը։ Այս ծիրէն ներս՝ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ մշտապէս կարեւոր համարուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Գանատայի դեսպանատան հիմնումը՝ իբրեւ միջպետական յարաբերութիւններու նոր որակի ցուցիչ եւ հեռանկարային համագործակցութեան երաշխիք։ Այս ուղղութեամբ Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբը՝ անցնող տարիներուն ընթացքին՝ գրեթէ ամէնօրեայ տարբերակով կատարած է հսկայական աշխատանք՝ շարունակապէս ընդգծելով, որ Գանատան Մեծ եօթնեակի միակ պետութիւնն է, որ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն չունի Հայաստանի մէջ։
Յատկանշական է, որ գանատական կառավարութեան այս որոշման ամիսներ առաջ նախորդած էր Եւրոպական Միութեան մէջ Գանատայի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Ստեֆան Տիոնի` յատուկ առաքելութեամբ այցը Հայաստան։ Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբը՝ Գանատայի մէջ, իսկ ՀՅԴ Բուրոյի եւ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի ղեկավարները՝ Հայաստանի մէջ, դեսպան Տիոնի հետ հանդիպումներու ժամանակ անգամ մը եւս կարեւոր համարած էին Գանատայի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան հաստատումը Հայաստանի մէջ։
ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցը, անկախ ՀՀ ներքաղաքական իրավիճակէն եւ ՀՀ գործող իշխանութիւններու ամօթալի ու պարտուողական կեցուածքէն, պիտի շարունակէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքական շահերու սպասարկման աշխատանքները՝ այն համոզումով, որ իշխանութիւնները անցողիկ են, իսկ պետական շահը՝ մնայուն։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ, երբ թշնամական պետութիւնները կը փորձեն Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրել միջազգային մեկուսացում եւ նորանոր զիջումներ, մեր պետութիւնը առաւել քան երբեւէ, կարիք ունի միջազգային յարաբերութիւններու որակական ընդլայնման, ինչի ուղղութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաշխարհային ցանցը կ՝աշխատի իր կարողականութիւններու ծիրէն ներս։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդ
29.06.2022 թ
