Հայաստան Մալթայի Մէջ Կը Մասնակցի Եւրոպայի Աթլեթիզմի Փոքր Երկիրներու Ախոյեանութեան
Հայաստան 15 մարզիկով (8 տղայ եւ 7 աղջիկ) կը մասնակցի Մալթայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի աթլեթիզմի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն։
Հաւաքականին մէջ են Հայաստանի յառաջատար մարզիկներ Գոռ Բեգլարեան, Արտակ Համբարձումեան, Գայեանէ Չիլոյեան եւ Ռազմիկ Մկրտչեան:
Ուրբաթ, 10 Յունիսին, պատուիրակութեան պիտի միանայ Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպերթ Էմմիեան:
Ախոյեանութեան մեկնարկը պիտի տրուի Շաբաթ, 11 Յունիսին:
