Ցուցահանդէս՝ Ապրելու Մասին (նկարներ)

Հայաստան, Սփիւռք

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ «Դիզակ Արտ» կեդրոնի հետ համագործակցութեամբ, Մայիս 30-ին, կայացաւ հադրութցի նկարիչ Արծիւ Լալայեանի աշխատանքներուն ցուցահանդէսը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան։

«Այս ցուցահանդէսը ապրելու մասին է, որովհետեւ նկարիչ Արծիւ Լալայեանը, մասնակցելով երեք պատերազմներուն, պատերազմներուն ընթացքին կորսնցնելով երկու եղբայրները, կորսնցնելով իր ծննդավայրը, իր երազանքներն ու նպատակները, կրկին ու կրկին, ի հեճուկս պատերազմի, իր մէջ ուժ ու կամք գտած է հայրենի հողին վրայ ամուր կանգնելու եւ վերստին ստեղծագործելու։ Ուրեմն՝ այս ստեղծագործութիւնները ապրելու մասին են, ուրեմն՝ այս ցուցահանդէսը այդ իրողութեան լաւագոյն առհաւատչեան է»,- նշեց Հերմինէ Աւագեան։

Ցուցահանդէսին օրհնութեան խօսք ըսաւ Տէր Գրիգոր Յովհաննիսեան։

«Դիզակ Արտ» կեդրոնի համահիմնադիր Երազիկ Աւանէսեան, իր խօսքին մէջ նշեց, որ Արծիւ Լալայեանի կինն ու երեխաները նոյնպէս կը նկարեն, եւ մեծ սիրով ապագային ընտանեկան մեծ ցուցահանդէս պիտի կազմակերպուի անոնց համար։

Ներկաներուն ուղղուած խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Նորընտիր ԿՎ ատենապետ Զաքար Քեշիշեան։
Ցուցահանդէս-վաճառքի առաջին նկարը գնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը։

Արծիւ Լալայեան նշեց, որ իր բոլոր ստեղծագործութիւնները մնացած են հայրենի Մեծ Թաղեր գիւղին մէջ, փրկուած է միայն քանի մը կտաւ, որոնք մինչեւ պատերազմը ցուցադրութեան ներկայացուած էին Ստեփանակերտի մէջ։

Ցուցահանդէսին հանդէս եկան նաեւ «Դիզակ Արտ» կեդրոնի սաները՝ գեղարուեստական գեղեցիկ նոթաներով ամբողջացնելով ցուցահանդէսը։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ մինչեւ Յունիս 10։


Հասցէ՝ Խորենացի 47/7

Hamazkayin Artsakh office
Dizak Art
Hamazkayin Central
Հադրութցի նկարիչ Արծիւ Լալայեանի աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք