Արցախը Երբեք Չէ Եղած եւ Պիտի Չըլլայ Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ. ՀՅԴ Երիտասարդներու Ցոյցը «Մետիա» Փառատօնին (տեսանիւթ)
ՀՀ քարտէզը առանց Սիւնիքի տեղադրող եւ հայաստանեան իրադարձութիւնները իշխանական տեսանկիւնէն լուսաբանող անգլիալեզու EVN Report-ը այս օրերուն միջազգային Media Festival կ՝իրականացնէ Երեւանի մէջ, որուն կը մասնակցին հեղինակաւոր միջազգային լրատուականներու ներկայացուցիչները:
Ըստ «Երկիր»-ի, խումբ մը Դաշնակցական երիտասարդներ այսօր ներկայ եղած են «Մետիա» փառատօնին եւ հնչեցուցած են հայ ժողովուրդի ձայնը:
– «Արցախը երբեք չէ եղած եւ պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ,
– Այս «Խաղաղութեան դարաշրջան» կոչուածը մեզի` հայերուս համար, կը նշանակէ Ցեղասպանութիւն: Դադրեցէք զբաղուելէ անոր ծանուցումով,
– Եւ դուք EVN Report այլեւս երբեք չհամարձակիք տեղադրել Հայաստանի քարտէզը առանց Սիւնիքի:
