Արցախցիները Իրենց Ապագան Կը Տեսնեն Արցախի Մէջ. Ժողովրդագրութեան Նուիրուած Համաժողով Ստեփանակերտի Մէջ

Հայաստան

22 Մայիսին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդագրութեան հարցերուն նուիրուած համաժողով մը, որ կազմակերպուած էր The Future Armenian հիմնադրամին կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։

Համաժողովը կատարուեցաւ հանրային քննարկումներու ձեւաչափով, քաղաքացիական հասարակութան եւ պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Արցախեան համաժողովը առաջին քայլն էր, երկրորդը պիտի իրականացուի Երեւանի մէջ:

Հիմնադրամը, որ կը վայելէ 108 երկիրներու հայրենակիցներուն աջակցութիւնը, հայ ժողովուրդին համար կարեւոր 15 հարցեր կ՛առաջադրէ: Ժողովրդագրութեան հարցերը անոնցմէ են, իսկ երեք կարեւորագոյններուն կարգին են՝ Արցախի ապահովութիւնը եւ տնտեսութիւնը:

Արցախեան համաժողովին մասնակցողները ողջունեցին հիմնադրամի 6 համահիմնադիրներէն 4-ը, Արցախի պետական նախարարը եւ նախագահը:

Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան առանձնացուց հանրապետութեան զարգացման շարք մը հիմնական ուղղութիւններ, որոնց կարգին՝ կայուն անվտանգութիւնը, ժողովրդագրական աճող խնդիրները, տնտեսութեան զարգացումը, որակեալ կրթութիւնը, արդիւնաւէտ կառավարումը: «Ժողովրդագրութիւնը շատ կարեւոր է Արցախի համար: Պատերազմէն ետք իրականացած են որոշ ծրագիրներ, բայց անոնք կրած են կարճաժամկէտ բնոյթ: Ուստի համաժողովի իրականացումը ճիշդ ժամանակին է»,- հաստատեց Բեգլարեան:

Համաժողովին նախորդեց մասնագէտներու խումբի աշխատանքը, եւ հանդիպման մասնակցողներու քննարկման ներկայացուեցան քանի մը բեմագրութիւններ: Կարեւոր է, որ համաժողովին կը մասնակցղին բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչները հաւասար համամասնութեամբ՝ նկատի ունենալով սեռը, տարիքը եւ կրթութիւնը:  Համաժողովին նպատակն էր վեր առնել խնդիրներու շրջանակը եւ մշակել անոնց լուծման յստակ ծրագիրներ:

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արտակ Ապիտօնեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ կարողականութիւնը եւ ներուժը կայ, կարեւորը զանոնք գործադրելն է:

«Անվտանգութիւն, տնտեսութիւն, ժողովրդագրութիւն. ահա Արցախի հիմնական խնդիրները», հաստատեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան: Ան տեղեկացուց, որ հանրապետութեան կառավարութիւնը կը կատարէ բնակարանային շինարարութեան ծրագիրներ Ազրպէյճանի յարձակման իբրեւ արդիւնք բնակարան կորսնցուցածներուն համար՝ առաջնորդուելով «Իւրաքանչիւր ընտանիքի՝ բնակարան» կարգախօսով: «Արցախը կ՝ապրի: Այն, որ մենք կը քննարկենք նման հարցեր, կը նշանակէ, որ կը հաւատանք ապագային»,- հաստատեց Արցախի նախագահը:

Մասնակցողներու քուէարկութեան արդիւնքները բուռն քննարկումներէ ետք հաստատեցին նախագահին խօսքերը. ամէնէն աւելի ձայները՝ էական տարբերութեամբ, հաւաքեց «Մնում ենք Արցախում» շարժումը:

Հիմնադրամի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան ընդգծեց, որ Արցախը չէ պարտուած, ոչինչ աւարտած է. «Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ այլ տխուր էջեր ալ եղած են: Գլխաւորը, որ արցախցիները իրենց ապագան կը տեսնեն Արցախի մէջ»: