Սփիւռքը Լաւագոյն Գրաւականն է Հզօր Հայրենիքի․ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան
Այսօր, Մայիս 9-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները այցելած են Եռաբլուր եւ յարգանքի տուրք մատուցած Շուշիի ազատագրման պայքարին մէջ զոհուած հերոսներու յիշատակին: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։
«Փառք ու պատիւ զոհուած տղաներուն։ Այս Եռատօնը մեզի համար կը խորհրդանշէ այն վճռականութիւնը, որ ունի հայ ժողովուրդը աշխարհով մէկ՝ պաշտպանել իր իրաւունքը։ Եւ այսօր այդ իրաւունքի առաջին գիծի վրայ է Արցախը։ Դժուար է ըսել երբ եւ ինչպէս, բայց մէկ բանի մէջ կը վստահեցնեմ ձեզի, որ այս օրը մեր վճռականութեան վերականգնման օրն է, եւ մենք իբրեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն պատրաստ ենք աշխարհով մէկ աշխատելու, որպէսզի Արցախը գտնէ իր նախկին աշխուժութիւնը, Արցախը մնայ հայկական եւ երբեք չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ»,- լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան։
«Այդ ուղղութեամբ մենք պատրաստ ենք Հայ Դատի աշխատանք տանելու աշխարհի մէջ, պատրաստ ենք մասնակցելու ազատագրական պայքարին եւ պատրաստ ենք ամէն գնով օժանդակելու, որ Արցախի ժողովուրդը մինակ չզգայ ինքզինք եւ զգայ ամբողջ հայութեան նեցուկը»,- ընդգծած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը։
«Այդ ամբողջը պահի հարց է․ հիմնականը այն է, որ դուն պէտք է ըլլաս միշտ պատրաստ ամէն զոհողութեան Արցախի սահմանները վերականգնելու համար եւ հայաթափման դէմը առնելու համար, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ իսկապէս Արցախը մեզի համար աննահանջելի կէտ է եւ որեւէ մէկ ձեւով չենք կրնար հաշտուիլ այս իրողութեան հետ․ ասիկա պարզապէս ճակատամարտի կորուստ է, պատերազմը կը շարունակենք»,- յայտարարած է Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան։
Իր հայկական էութէնէն պարտուած իշխանութիւնը չի կրնար բանակցիլ հայկական շահերուն համար, վստահեցուցած է ան, ընդգծելով , որ ասիկա ակներեւ է, յստակ կ՝երեւի այսօր եւ անոր համար է, որ այս իշխանութիւնը պէտք է հեռանայ։
«Հետեւաբար, մեր փափագն է, որ այսպիսի ծանր պարտութիւն կրած իշխանութիւնը ինքը ադրադառնայ իր մեղքի բաժնին եւ անցնցում հեռանայ բեմէն, որպէսզի մէկ անգամ եւս խնայուին Հայաստանի եւ Արցախի նորանոր ներքին խլրտումները, բայց, դժբախտաբար, այդպէս չէ ներքին կացութիւնը։ Շատ սխալ եւ անարդար կը ներկայացուի, թէ այս իշխանութիւնը ստացած է իրաւագիր բանակցութիւնները այս ձեւով վարելու, մինչդեռ իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է՝ այս իշխանութիւնը ոչ մէկ իրաւագիր ստացած է յաւելեալ եւ միակողմանի զիջումներու տանելու մեր հայրենիքը թէ՛ Հայաստան աշխարհի, եւ թէ՛ Արցախ աշխարհի մէջ»,- ըսած է Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան։
Իսկ վտանգաւոր երեւոյթները, որ ի յայտ եկած են մանաւանդ այս վերջին շրջանին, ըստ իրեն, վարչապետի բերանէն հնչած այն յայտարարութիւններն են, որ Հայաստանը կը խուսափի իր ունեցած պատասխանատւութենէն Արցախի նկատմամբ, մանաւանդ անվտանգութեան ոլորտէն ներս, նոյնիսկ յանդգնելով, հայ-թրքական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս, Ցեղապանութեան հետապնդման պատասխանատւութիւնը դնելու միայն Սփիւռքի վրայ։
Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ Տէր-Խաչատուրեան ըսած է, որ իրենք եւս կողմնակից են հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ իրենք կողմնակից են հայ-թրքական հաշտեցման:
«Հաշտեցման գործընթացը կ’ենթադրէ թրքական նախապայմաններու ընդունում: Թուրքիան միշտ խանգարած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, քանի որ հայկական կողմը նախապէս գացած է բանակցութիւններու առանց նախապայմաններու»,- նշած է Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան:
Ըստ իրեն՝ իշխանութիւնը ունի միտում պառակտելու Սփիւռքը: Ան նշած է, թէ իշխանութիւնները ամէն ինչ կ՝ընեն Սփիւռքը պառակտելու համար, բայց այս իշխանութիւններուն յառաջացուցած խոչընդոտները որեւէ յաջողութիւն չեն ունենար: Յաջորդ քայլը, ըստ Տէր-Խաչատուրեանի, պայքարն է յանուն Արցախի, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի եւ Արցախի մէջ՝ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու մէջ հայկական հետքի ոչնչացման յստակ ձեռնարկներու կանխարգիլումն է:

