Ցեղասպանութեան 107-ամեակին Առիթով Բողոք-Երթ` Երուսաղէմի Մէջ

Սփիւռք

20 Ապրիլին, Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով բողոք-երթ: Լուրը հաղորդեց Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Բաղդասարեան` հրապարակելով երթի լուսանկարները:

Երթին մասնակցողները Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց մայր տաճարէն քալեցին դէպի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսութեան կարգ կատարուեցաւ: Այնուհետեւ երթին մասնակցոները, որոնք բարձրացուցած էին «Մենք կը քալենք յանուն արդարութեան» գրութեամբ պաստառով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշներով, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ուղղուեցան դէպի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, ուր մոմավառութիւն կատարուեցաւ:

Կը նախատեսուի, որ 24 Ապրիլին բողոքի ցոյց կազմակերպուի Երուսաղէմի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին դիմաց: Նոյն օրը երեկոյեան յիշատակի ձեռնարկ մը պիտի կազմակերպուի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ: