Համահայկական Դիմադրութեան Հրամայականը (Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ Տարելիցին Առիթով). «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը քաղաքականօրէն բարդ, անորոշ եւ անհեռանկար պայմաններու մէջ կը նշենք: Ցեղասպանութեան ճանաչման ու մանաւանդ հատուցման թղթածրարի պատրաստութեան գծով գոյացած էր համահայկական համախոհութիւն: Կարելի է ըսել, որ  հատուցման օրակարգը նոյնիսկ պետականացած էր 3-րդ նախագահին կողմէ Սեւրի պայմանագիրին եւ Իրաւարար վճիռին այժմէական նշանակութեան ընդգծումով, Համահայկական հռչակագիրով եւ մանաւանդ հատուցման իրաւական թղթածրարի նախապատրաստական աշխատանքներու մեկնարկով:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնաժողովին վերջին նիստը սկսած էր քննարկել աշխատող կառուցակարգի վերափոխման օրակարգը` դէպի համազգային խորհուրդ: Սփիւռքը, փաստօրէն, իր ներկայացուցչական համակարգով ներառուած էր համահայկական օրակարգերու մշակման գործընթացին մէջ:

Հիմա բոլորովին ուրիշ է պատկերը: Պաշտօնապէս կը յայտարարուի, որ Հայ Դատի աշխատանքները առաւելաբար սփիւռքին վերապահուած են: Ցեղասպանութեան ճանաչման թէ յատկապէս հատուցման պահանջատիրութեան առումով նկատառելի ետքայլ արձանագրուած է:

Արձանագրենք, որ կար յստակ միտում` զուտ ճանաչման տեղապտոյտէն դուրս գալու եւ հատուցման իրաւականացման ճանապարհներէն քալելու համազգային որոշում: Կը թուի, որ այդ միտումը ուղի փոխած է Երեւանէն:

Առկայ է նոր ցեղային զտման ենթարկուելու անմիջական սպառնալիք Արցախի մէջ: Թէ՛ քառօրեան, թէ՛ 44-օրեան եւ թէ՛ անոնց ընթացքին գործուած ռազմական յանցագործութիւնները, Արցախի հայաթափումը նպատակադրած պետական մակարդակի ահաբեկչութիւններն ու գործողութիւնները, գումարած` կրօնամշակութային կոթողներու բնաջնջման հետեւողական քայլերը, կը մատնեն ամբողջ քաղաքակրթութեան մը հետքերը վերացնելու թուրքեւազրպէյճանական ծրագիրը:

Թուրանականութեան քարտէսի վերագծումը արդիական հնչեղութիւն գտած է: Ուրիշ բանի մասին չի խօսիր զանգեզուրեան միջանցքի  կամ Նախիջեւանը Ազրպէյճանին Սիւնիքի վրայով կամրջելու թուրքեւազրպէյճանական առաջադրանքը:

Անգարայի դասական նախապայմանները վերափոխուած են: Այժմէական են եւ առաջնահերթ` զանգեզուրեան միջանցքը, Արցախը Ազրպէյճանին կազմին մէջ ներառելու եւ ատոր համար սահմանազատում-սահմանագծում գործընթացի շտապ ձեռնարկելու օրակարգերը:

Թոյլ են Երեւանի բանակցային դիրքերը: Պարտուած կողմը այս պայմաններուն մէջ ոչ թէ փոխզիջումնային պայմանագիրներ կը կնքէ, այլ ուղղակի միակողմանիօրէն կը զիջի այն, ինչ որ իրմէ կը պահանջուի: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ կը փորձուի միտք պատրաստել Արցախի նկատմամբ մինչ այժմ ամրագրուած առաջադրանքի նշաձողի իջեցման. այլ խօսքով,  առկայ է Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելու մտայնութիւնը: Կը պատրուակուի միջազգային ընտանիքի ճնշումը, կամ` անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներու գերադասման մօտեցումը:

Այո՛, բարդ են պայմանները: Երեւանը զրկուած է արտաքին քաղաքականութիւն կիրարկելու առաձգականութենէն: Արցախի Ազգային ժողովը կ՛ընդունի ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ ճիշդ ուղենիշներ պարփակող որոշումներ նոյնը չ՛երեւար գործադիր իշխանութեան մօտ: Իսկ սփիւռքը վերակազմակերպման հրամայականին առջեւ է:

Մեզի կը պարտադրուին նոր խաղաղութեան ծրագիրներ, ուր հայկական կողմէն կ՛ակնկալուին նոր զիջումներ:

Ցիւրիխեան արձանագրութիւններու օրերուն կար համահայկական դիմադրութիւն: Տարբեր պատճառներու կուտակումով հայութիւնը զանգուածային տեսքով չի հակազդեր նոր պարտադրանքներուն: Համահայկական դիմադրութիւնն էր, որ դեր ունեցաւ արձանագրութիւններու նկատմամբ անմիջապէս յայտարարուած վերապահութիւններուն, ապա` Սահմանադրական դատարանի կայացուցած զգուշացնող պայմաններուն, յետոյ փուլ առ փուլ արձանագրութիւններու օրակարգ չբերելու, ապա դուրս մղուելուն եւ վերջապէս անոնց չեղարկումին:

Համահայկական դիմադրութիւնն է, որ կը սպասուի. Ապրիլ 24-եան հերթական ուղերձը այդ խմորումին կը վերաբերի: