Գանատայի Ծերակոյտի Անդամը Կը Դատապարտէ Արցախի Դէմ Ուղղուած Ազրպէյճանական Սադրանքները

Uncategorized

Մարտ 30-ին կայացած Գանատայի Ծերակոյտի հերթական նիստին ելոյթ ունեցաւ Ծերակոյտի ընդդիմադիր Պահպանողական խմբակցութեան ղեկավար Լէօ Հուսաքոսը եւ իր զեկոյցի ընթացքին խստօրէն դատապարտեց Արցախի դէմ որդեգրուած ազրպէյճանական յարձակողապաշտ ընթացքը։ Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը։

Ծերակուտականը ներկայացնելով Արցախի իրավիճակը, յայտնեց, որ Մարտ 24-էն ի վեր ազրպէյճանական բանակը մի քանի անգամ ներխուժած է Արցախի տարածք՝ խախտելով 2020 թուականի նոյեմբերի հրադադարի պայմանագիրը և յստակ դարձնելով Արցախի մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման իրենց մտադրութիւնը։

Իր ելոյթին ընթացքին, ծերակուտական Հուսաքոս շեշտեց, որ մինչ Հայաստան կը յարգէ հրադադարի դրոյթները, ազրպէյճանական կողմը կը խախտէ հրադադարը յստակ դարձնելով, որ նպատակադրած է բռնութիւններու ճանապարհը։ Աւելի՛ն Ազրպէյճանի նպատակն է Արցախի հայ բնակչութիւնը ահ ու սարսափի մատնելով բռնագաղթի ենթարկել։ Հուսաքոս շեշտեց նաեւ, որ միջազգային օրէնքներու համաձայն՝ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ ներկայ րնթացքը կը նկատուի պատերազմական յանցագործութիւն։

Եզրափակելով իր ելոյթը ծերակուտական Հուսաքոս խստօրէն դատապարտեց ազրպէյճանական սադրանքներն ու յարձակումները, միաժամանակ կոչ ուղղելով Գանատայի կառավարութեան դատապարտելու Պաքուի իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը եւ զօրակցելու Արցախի ժողովուրդին։