«Ազրպէյճանցիներուն Նպատակն է Հայաթափել Արցախը». Իսլ. Խորհրդարանի Մէջ Իրանահայութեան Պատգամաւորները Նամակ Յղած են ԻԻՀ ԱԳ Նախարարին
Իսլ. խորհրդարանին մէջ իրանահայութեան զոյգ պատգամաւորներ Արա Շահվերդեան եւ Ռոպերթ Բեգլարեան նամակ յղած են Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ԱԳ նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտօլլահեանին՝ կոչ ընելով, համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու Արցախի մէջ մարդկայնական աղէտի դադրեցման ուղղութեամբ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ալիք»-էն։
Նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.
«Մեծարգոյ պարո՛ն նախարար,
ինչպէս արդէն տեղեակ էք ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը դադրեցաւ Նոյեմբեր 9-ի՝ եռակողմ յայտարարութեամբ, սակայն ազրպէյճանական կողմը տարբեր միջոցներով կը շարունակէ հոգեբանական ճնշում գործադրել հայկական բնակչութեան դէմ՝ նպատակ ունենալով հայաթափել ու ցեղական զտման ենթարկել Արցախը իր բնիկ հայերէն, միեւնոյն ժամանակ նոր հնարաւորութիւններ կորզելու համար՝ ՀՀ իշխանութիւններէն եւ հարեւաններէն: Նաեւ՝ ռազմական աշխուժութեան ցուցաբերում, խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ կրակոցներ, նիւթական եւ բարոյական բնոյթի վնասներ, մշակութային ժառանգութեան, եւ տեղական ինքնութեան ոչնչացման միտուած քայլերու միջոցով, ինչպէս նաեւ՝ գերիներու հարցի շահարկման, եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու դէմ իրականացուող գործողութիւններով։
Ազրպէյճանական կողմը նաեւ վերջին շաբթուան ընթացքին դիմած է նոր սադրանքներու՝ հայկական բնակավայրերու կազատարի կասկածեալ «խափանումներու» վերականգնման գործընթացը խոչընդոտելով, զուգահեռաբար, պարբերաբար կ՝անջատուի ելեկտրականութիւնը, որոնք ալ աւելի կը խորացնեն, մարդկայնական ծանր իրավիճակը, եւ նոր ճգնաժամի բռնկման վտանգը։
Ազրպէյճանը նաեւ սադրանքներու դիմած է սահմանային գիծի վրայ բարձրախօսներ տեղադրելով, բնակչութեան գիւղերը լքելու կոչերով, որ կ՝ազդարարէ՝ անոնց կողմէ նոր հոգեբանական պատերազմի մեկնարկի մասին։
Արդեօք այդ գործողութիւնները կարելի է համարել բարիդարացիականութեան քարո՞զ՝ մահմետականներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ, կրնա՞ն արդեօք ապահովել անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ:
Եւ այսպիսով, հիմք ընդունելով, Իսլ. յեղափոխութեան առաջնորդի Ղարաբաղի հայերու անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ՝ 13 աբանի (4 Նոյեմբեր) ելոյթը, կոչ կ՝ընենք հետեւելու սահմանադրութեան դրոյթին՝ մարդկայնական խնդիրներու կարգաւորման ուղղութեամբ, եւ մեր երկրի արտաքին քաղաքականութեան կարմիր գիծերուն, մասնաւորապէս՝ հարեւաններու հետ կապուած, ճգնաժամերու հանգուցալուծման հանրային շահի ապահովման եւ Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման համար, որոնք կը գտնուին բարոյական եւ նիւթական դաժան բռնաճնշումներու ներքոյ։
