
Եթէ Կան Ռազմական Յանցագործներ, Ուրեմն Անոնց Պէտք է Փնտռել Ազրպէյճանի Մէջ՝ Ի Դէմս Ազրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի. Արցախի ՄԻՊ
Հետապնդումներով եւ սեւ ցուցակներով Ազրպէյճանը հերթական անգամ նպատակադրած է ահաբեկել Արցախի մէջ ապրող մարդոց, որոնք տարբեր ատեաններու մէջ կը փորձեն առաջ տանիլ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։ «Փաստինֆո»-ի հարցին ի պատասխան՝ ըսած է Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան՝ անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ նաեւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հանդէպ յայտարարուող հետախուզումներուն։ Յիշեցնենք, որ ազրպէյճանցիները նշած են, թէ, անգամ Արցախի նախագահի հանդէպ հետախուզում յայտարարած են։
Ազրպէյճանի գործողութիւններուն մէջ Գեղամ Ստեփանեան կը մատնանշէ երկու հիմնական ուղղութիւն․ առաջինը, ըստ իրեն, Արցախի ժողովուրդը ահաբեկելու համար պաշտօնեաներու հանդէպ հետախուզում յայտարարելն է, իսկ երկրորդը՝ արտաքին աշխարհէն Արցախի մեկուսացումը խորացնելը։ Հերթական խորամանկ քայլերով, ինչպէս պարոն Ստեփանեան կը նկատէ, ազրպէյճանական կողմը միջազգային հանրութեան նաեւ մոլորութեան մէջ դնելու փորձ կ՝ընէ՝ շեղելով անոնց ուշադրութիւնը արցախահայութեան հանդէպ իր դրսեւորած ատելութենէն եւ անհանդուրժողանակութենէն։
«Ըսեմ, որ ես յաճախակի ազրպէյճանցի տարբեր օգտատէրերու կողմէ սպառնալիքներ կը ստանամ, բայց անոնք կը դիտարկեմ իբրեւ արցախահայութեան իրաւունքներու դէմ ուղղուած հերթական ահաբեկչական գործողութիւն։ Բացի այդ, Ազրպէյճանը այդ կերպով կը փորձէ թոյլ չտալ, որ միջազգային տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչները՝ ներառեալ իրաւապահ, գան ու իրենց աչքով տեսնեն Արցախի մէջ տիրող վիճակը»,- ընդգծած է Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը։
Հետախուզումներ յայտարարելով՝ հաւանաբար Ազրպէյճանը փորձէ սահմանափակել որոշ արցախցիներու ազատ տեղաշարժը այլ երկիրներու մէջ, բայց եւ, միաժամանակ, ՄԻՊ-ը յոյս կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանը այդ հարցով համախոհներ չի գտներ արտաքին աշխարհի մէջ։
«Եթէ կան ռազմական յանցագործներ, ուրեմն անոնց պէտք է փնտռել նոյնինքն Ազրպէյճանի մէջ՝ ի դէմս Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ այդ երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան։ Անոնք 44 օր շարունակ տարբեր տեսակի՝ ներառեալ միջազգային մարդասիրական իրաւունքով արգիլուած զինատեսակերով, ուղիղ թիրախաւորած են Արցախի գրեթէ բոլոր քաղաքացիական բնակավայրերը՝ ներառեալ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, որուն հետեւանքով 44 օրերուն ընթացքին զոհուած է 80 քաղաքացիական անձ»,- նշած է Գեղամ Ստեփանեան։