
1 Զոհ, 8 Վիրաւոր՝ Ազրպէյճանի Յարձակման Իբրեւ Հետեւանք
Դեկտեմբեր 10-ին, ՀՀ արեւելեան ուղղութեամբ (Գեղարքունիքի մարզ) Ազրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումներու ձեռնարկած նախայարձակ գործողութիւնները դիմակայելու ընթացքին զոհուած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ժամկէտային զինծառայող, շարքային Վահէ Վաղարշակի Մանասերեանը ( 2002-ի ծնունդ)։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Ութ այլ զինծառայող վիրաւոր է։ Վեց զինծառայողի վիճակը կը գնահատուի ծանր, միւս երկուքը, համապատասխանաբար, միջին եւ թեթեւ։