
Արցախի ՄԻՊ-ը Մասնակցած է ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու եւ Գրասենեակներու Խորհրդաժողովին
Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան ելոյթ ունեցած է ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու՝ Ստեփանակերտի մէջ կայացած խորհրդաժողովին։ Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ ՄԻՊ գրասենեակէն:
Պաշտպանը ներկայացուցած է 2020 թուականի ազրպէյճանա-թրքական յարձակման ընթացքին եւ անկէ ետք ՄԻՊ հաստատութեան իրականացուցած փաստահաւաք աշխատանքները եւ ընդգծած ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու կարեւորագոյն դերը ազրպէյճանական յանցագործութիւններուն վերաբերեալ տարբեր երկիրներու ղեկավար շրջանակները, միջազգային կառոյցներն ու իրապաշտպան համայնքը իրազեկելու լայնածաւալ աշխատանքներու հարցով։
Պաշտպանը նշած է, որ իր կատարած առաքելութեամբ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձախումբերն ու գրասենեակները կարեւորագոյն գործընկեր են Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաստատութեան համար։
Պատասխանելով ներկաներու հարցերուն՝ Գեղամ Ստեփանեան ընդգծած է, որ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ծիրէն ներս խիստ կարեւոր է միջազգային հանրութեան ընկալման հասցնել Արցախի ժողովուրդի կեանքի իրաւունքին դէմ ազրպէյճանական ոտնձգութիւնները եւ պայքարիլ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտ մեքենականութիւններ ապահովելու համար։
Պաշտպանը անդրադարձած է նաեւ ՄԻՊ հաստատութեան յառաջիկայ աշխատանքներուն՝ վստահութիւն յայտնելով, որ ձեռնարկուող բոլոր աշխատանքներուն մէջ ՄԻՊ կառոյցը պիտի շարունակէ ունենալ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն աջակցութիւնը։
